Ժիրայր Սեֆիլեան ազատ արձակուեցաւ

Հանրային ռատիօ – Յունիս 13-ին դատարանը ազատ արձակեց «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանին:

Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ Ժիրայր Սեֆիլեանի և միւսներու գործով դատական նիստին հրապարակուեցաւ անոնց պաշտպաններու բողոքներու վերաբերեալ որոշումը:

Դատարանի որոշմամբ՝ Ժիրայր Սեֆիլեանի պաշտպան Տիգրան Եգորեանի միջնորդութիւնը բաւարարուեցաւ և խափանման միջոց կալանաւորումը փոխուեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի կարգ մը պատգամաւորներու անձնական երաշխավորութեամբ:

Սեֆիլեանը վերաքննիչ դատարան դիմած էր արդարացման պահանջով:

Դատաւորը յայտարարեց, որ երաշխաւորներէն իւրաքանչիւրի կողմէ 500 հազարական դրամ վճարելէ ետք Ժիրայր Սեֆլեանին կ՚ազատեն կալանքից:

Ժ. Սեֆիլեանը դատապարտուած է 10.5 տարուան ազատազրկման՝ ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու, փոխադրելու, ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւններ՝ հեռուստաաշտարակ և զօրամաս գրաւելու փորձի համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.