Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններ $50,000 տոլար կր նուիրեն «Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս, Յուլիս 2018ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատեց նախապէս ծրագրուած, Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդական պատգամաւորական ժողովներու կողմէ հետապնդուած, սակայն ցարդ չիրականացած «Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ը (Endowment Fund)։

Եղբայր Ժիրայր եւ քոյր Սրբուկ Սարգիսեաններ, որոնք իրենց միութենական մեծ վաստակի կողքին, մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւններու զանազան ծրագիրներուն, $50,000 Ամերիկեան տոլարով եղան առաջին արձագանգողները «Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ին ու հանդիսացան գլխաւոր խթանը այս մեկնարկին։

Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ի պաշտօնական մեկնարկը եւ իր սպասումն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն, որ իրենց անվերապահ աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերեն եւ աշխատին այս հիմնադրամի ուռճացման եւ բարգաւաճման, ի խնդիր Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին եւ ապագայի ծրագիրներուն իրականացման։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.