Թրքական «Փեկասըս» Օդանաւային Ընկերութիւնը Հայաստանի Քաղաքային Թռիչքներու Կոմիտէին Պոլիս-Երեւան-Պոլիս Թռիչք Կատարելու Դիմում Ներկայացուցած Է

Թրքական «Փեկասըս» օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքային թռիչքներու կոմիտէին Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչք կատարելու դիմում ներկայացուցած է:

Այս տեղեկութիւնը «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարի մամլոյ քարտուղար Սոնա Յարութիւնեան:

«Փեկասըս»-ը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքային թռիչքներու կոմիտէին` փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք կատարելու դիմում ներկայացուցած է», ըսած է Յարութիւնեան:

Դիմումը կ՛ուսումնասիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքային թռիչքներու կոմիտէին կողմէ, որոշումը պիտի տրուի յառաջիկային:

Նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան թռիչքներու իշխանութիւնները «Արմենիա» ընկերութեան արտօնած էին Երեւան-Պոլիս-Երեւան վարձաթռիչքային թռիչքներ կատարելու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.