«Թրքական մշակութային եղեռնը շարունակական բնոյթ կրած է». Րաֆֆի Քորթոշեան

Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) Ազդակ օրաթերթի մէջ լոյս տեսնող «Զաւարեանական էջ»-ի խմբագրութիւնը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանին հետ:

ԶՈՄ.- Խնդրեմ` հակիրճ ձեւով ներկայացուցէք ձեր կենսագրականը:

ՐԱՖՖԻ ՔՈՐԹՈՇԵԱՆ.– Ծնած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, 1979-ին, արմատներով Խարբերդի Եղէգի գիւղէն սերած ընտանիքի մը յարկին տակ: Յաճախած եմ ծննդավայրիս Ազգային Հայկազեան վարժարանը, ապա` Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան: Մասնագիտական ուսումս ստացած եմ Հալէպի պետական համալսարանէն: Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ եմ: Հայկական յուշարձաններու նկատմամբ հետաքրքրութիւններս սկսած եմ գործունէութեան վերածել 2005 թուականէն: 2006-ին տեղափոխուած եմ Հայաստան եւ աշխատանքի անցած` Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին մէջ: Այժմ հիմնադրամի փոխտնօրէնն եմ եւ` «Վարձք» հանդէսի խմբագրական կազմի անդամ: Ունիմ մօտ երկու տասնեակ յօդուածներ եւ աշխատութիւններ:

Հրատարակուած գիրքերս են.

  1. Ermenice oǧrenim kitabı [թրքերէն] (Yerevan, 2007)
  2. Հալէպի արձանագրութիւնները (Երեւան, 2013)
  3. Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները (Երեւան, 2014: Անգլերէն թարգմանութեամբ Yerevan, 2016)
  4. Տեղահանուած խաչքարերու հաւաք ծրագիր. Աղբերք-Collection of Displaced Cross-Stones Project. Aghberk (Երեւան-Yerevan, 2019); [հայերէն-անգլերէն]
  5. Հայ արուեստի նմուշներ Սիրիայում-Specimans of Armenian Art in Syria (Երեւան-Yerevan, 2020); [հայերէն-անգլերէն]
  6. Արտակ արք. Մանուկեանի անուան Թեհրանի հայոց ազգային-ազգագրական թանգարանի հաւաքածոն (Երեւան, 2021)
  7. Հայաստանի պատմութիւն. հատոր Ե., Խնուս (Երեւան, 2022)

ԶՈՄ.- Ի՞նչ է ՀՃՈՒ հիմնադրամին նպատակը, եւ ան այսօր ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի:

Ր. Ք.- Զգալով հայկական յուշարձաններուն սպառնացող ոչնչացման վտանգը, նախնիներու յիշատակները գոնէ թուղթի վրայ փրկելու միտումով, իրանահայ ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան 1970-էն կը նախաձեռնէ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու ուսումնասիրութեան եւ վկայագրման աշխատանքին: Նշուած գործունէութիւնը աւելի կազմակերպուած իրականացնելու նպատակով ալ 1982-ին Գերմանիոյ Աախեն քաղաքին մէջ կը հիմնէ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող (ՀՃՈՒ) հասարակական կազմակերպութիւնը, որ 2000 թուականին կը վերարձանագրուի Երեւանի մէջ, ուր մինչեւ 2020 թուական կը տնօրինէր 1989-էն կազմակերպութեան անդամակցած եւ Խորհրդային Ազրպէյճանին բռնակցուած հայկական տարածքներուն մէջ հետազօտական նմանատիպ գործունէութիւն ծաւալած, երջանկայիշատակ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը:

Այսպիսով, ՀՃՈՒ հիմնադրամի նպատակն է գիտարշաւներու միջոցով պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ հին գաղթավայրերուն մէջ փնտռել-գտնել հայկական նիւթական մշակոյթի յուշարձանները, վաւերագրել եւ համակողմանի ուսումնասիրել. իբրեւ արդիւնք` 2021-ի դրութեամբ հիմնադրամը հաւաքած է աւելի քան 650.000 թուային պատկերներէ, միքրոֆիլմերէ, յատակագիծերէ եւ այլ փաստաթուղթերէ բաղկացած հարուստ արխիւ: Հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղը կը շարունակէ իրականացնել իր ուսումնասիրական գործունէութիւնը, որուն արդիւնքով նաեւ կը հրատարակուին գիրքեր, գրքոյկներ, «Վարձք» հանդէսը եւ այլն:

Սամուէլ Կարապետեանի բնութագրմամբ. «ՀՃՈՒ գրասենեակը զինագործարան է: Պետութեան ձեռքն են անոր թնդանօթները, որոնք առանց արկերու չեն կրնար կրակել: Բոլոր ճակատներով պատերազմ է` մշակութային, քարոզչական, դիւանագիտական, իսկ այդ պատերազմին մէջ օգտագործուող արկերը մեր գրասենեակին մէջ են»:

ԶՈՄ.- Այսօր Արցախէն կարեւոր հատուածներ եւ հսկայական տարածքներ կը գտնուին Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ տարածքներուն մէջ գտնուող յուշարձաններուն ու արձանագրութիւններուն եւ անոնց պատմամշակութային արժէքին մասին: Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէն ետք ի՞նչ եղաւ անոնց ճակատագիրը:

Ր. Ք.- Ցաւօք, նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ խօսք չկայ Արցախի հայկական նիւթական մշակոյթի բազմահազար յուշարձաններուն մասին, որոնք այսօր արդէն վտանգուած են: Այս ամէնը` այն պարագային, որ պարզէն ալ պարզ էր, թէ Ազրպէյճանը պիտի գործէր հայկական յուշարձանները ոչնչացնելու ուղղութեամբ: Բան մը, որուն մէջ մասնագիտացած էր արցախեան հակամարտութեան ընթացքին` անընդհատ ոտնձգութիւններ ընելով հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ:

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մեր հայրենիքը ընդմիշտ իւրացնել փորձող երկու թրքական պետութիւնները իրենց գործն սկսած են նախ ֆիզիքապէս վերացնելով հայը, ապա շարունակելով` ոչնչացնել մեր հետքը մեր բնօրրանէն` հիմնովին աւերելով հայկական յուշարձանները` զանոնք համարելով երկրամասի իրական տէրերը մատնանշող վկաներ եւ հետեւաբար` թշնամիներ, Արեւմտեան Հայաստանը, Նախիջեւանը եւ հիւսիսային Արցախը ձեզի վկայ: Ուստի, այս գոյապայքարին մէջ առաջին հերթին անհրաժեշտ է բազուկի ուժով ապահովել ցեղասպանութենէն վերապրած Արցախի ժողովուրդին մայր հողին վրայ անխաթար ապրելու իրաւունքը: Այդ իրաւունքի կիրարկումն է միակ երաշխաւորը ազրպէյճանական վանտալիզմէն Արցախի հայկական քաղաքակրթութեան մազապուրծ մասնիկներու պահպանութեան:

ԶՈՄ.- Ձեր կարծիքով, արդեօք Ազրպէյճանը Արցախի, իսկ Թուրքիան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական արձանագրութիւնները եւ յուշարձանները ոչնչացնելու ծրագրուած աշխատանք կը տանի՞ն: Եթէ այո՛, պատմական ի՞նչ փաստեր կրնաք տալ հիմնաւորելու համար անոնց ծրագրուած բնոյթ ունենալը:

Ր. Ք.- Հայկական հարցի լուծմանն ուղղուած թրքական գործելակերպի անբաժանելի մասը համարուող մշակութային եղեռնը շարունակական բնոյթ կրած է ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան, այնպէս ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրօք:

Եթէ երիտթուրքերը Արեւմտեան Հայաստանի բնիկներու ֆիզիքական բնաջնջմամբ երկրամասէն վերացուցին նաեւ անոնց ոչ նիւթական (սովորութիւնները, բարբառները, տեղանունները, ծէսերը եւ այլն) ու շարժական (ձեռագիր մատեաններ, եկեղեցական իրեր եւ այլն) մշակութային արժէքներու մեծ մասը, ապա քեմալական Թուրքիան` որպէս հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան ծրագիրի շարունակութիւն, կանխամտածուած եւ զանգուածաբար ոչնչացուց հայկական մշակութային անշարժ ժառանգութիւնը:

Տակաւին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման առաջին տարիներէն գործադրուող հայկական յուշարձաններու` յատկապէս քրիստոնէական շերտի վերացման համար ուղղուած պետական ծրագիրը կ՛ընդարձակուէր 1940-1960-ական թուականներուն, երբ թրքական բանակի անմիջական ներգրաւմամբ ահռելի չափերու կը հասնէր «անհետացուած» յուշարձաններու քանակը: Զարմանալի չէ, որ հայոց բնօրրանը սեփականացնելու մոլուցքով տարուած թրքական իշխանութիւնները իրենց իսկ գոյութեամբ պատմական իրականութիւնը մատնանշող, ինչպէս նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար չափազանց արժէքաւոր հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան նշանաւոր կառոյցներու հիմնովին վերացման գործին յանցակից կը դարձնեն նաեւ զինուորները: Նշուած թուականներուն վերջիններուն մեղսակցութեամբ ոչնչացուած են, օրինակ, Շիրակաւանի Ս. Ամենափրկիչ կաթողիկէ (897 թ.), Արգինայի կաթողիկէ (990 թ.), Բագարանի անանուն (Ժ.-ԺԱ. դդ.) եկեղեցիները, Բագնայրի, Խծկոնքի, Ընձաքարի վանական համալիրները: Բազմաթիւ եւ անհերքելի փաստերը ցոյց կու տան, որ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման գործընթացը 1970-ական թուականներէն առ այսօր անշեղօրէն կը շարունակուի, սակայն կործանիչ ուժը արդէն գերազանցապէս ոչ թէ բանակն է, այլ` պետական քարոզչութեամբ եւ անպատժելիութեամբ ոգեշնչուած տեղաբնակ գանձախոյզը:

Նշուած նոյն ոճով ալ կը շարժին իր մեծ եղբօր` Թուրքիոյ, մշակութակործան քաղաքական մութ համալսարաններուն մէջ ուսում ստացած Ազրպէյճանի իշխանութիւնները: Սակայն զարմանալի է, ու նաեւ` ամօթ, քաղաքակիրթ մարդկութեան վերաբերմունքն ու կեցուածքը Ազրպէյճանի պետական մակարդակով վարած «հակամշակութային» քաղաքականութեան հանդէպ: Մեր օրերու մշակութային եղեռնը, որ Ազրպէյճանը այժմ կ՛իրականացնէ իր հարեւաններուն նկատմամբ, քաղաքակիրթ մարդկութեան համար քաղաքակրթութեան կորուստի, նահանջի եւս մէկ նախանշան կարելի է դիտարկել:

ԶՈՄ.- Յաճախ կը լսենք կամ կը տեսնենք, որ Թուրքիա վերանորոգած եւ զբօսաշրջութեան նպատակներով ծանուցած է հայկական յուշարձաններ, կոթողներ, եկեղեցիներ եւ այլն: Արդեօ՞ք կը կարծէք, թէ այդ մէկը դիտումնաւոր ոչնչացման ծրագիրին մաս կը կազմէ: Արդեօք կա՞ն պատմական օրինակներ, ուր նման վերանորոգման աշխատանքներու զուգահեռ, նոյն տարածքին մէջ, մօտ թուականներու, ոչնչացման ենթարկուած են յուշարձաններ եւ վերանորոգման աշխատանքը օգտագործուած է հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար:

Ր. Ք.- Այս հարցը ակամայ ինծի կը յիշեցնէ ցեղասպան Թալէաթ փաշային խօսքը` «®թողնել մէկ հայ` այն ալ թանգարանում»: Հայկական յուշարձաններու նկատմամբ նոյն քաղաքականութիւնը իրականացուցած են թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւնները: Ինչ կը վերաբերի հրաշքով փրկուած եւ զբօսաշրջութեան ներկայացուած յուշարձաններուն, ապա վերջիններս բացառապէս կ՛օգտագործուին թէ՛ սեփական ժողովուրդին եւ թէ՛ այցելուներուն մոլորութեան մէջ ձգելու համար:

Այդ մէկը կը վկայէ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող պատմական յուշարձաններուն կից զետեղուած ցուցանակներուն վրայ առկայ տեղեկութիւնները, որոնց զգալի մասը փաստօրէն ոչ թէ անաչառ տեղեկատուութեամբ կ՛օգնեն, ինչպէս ընդունուած է այդ մէկը ամբողջ աշխարհի մէջ, այլ քաղաքական նկատառումներով նենգափոխուած տեղեկութիւններ փոխանցելով` կը խաբեն զբօսաշրջիկներն ու այցելուները:

Հետեւաբար ակնյայտ է, որ հայկական յուշարձաններու նկատմամբ իրականացուած վանտալական գործողութիւններէն որոշ չափով փրկուած հայկական յուշարձաններու վերանորոգումն ու զբօսաշրջութեան նպատակով հանրահռչակումը եւս կը ծառայեն Հայոց Հայրենիքի իւրացման ընթացիկ քաղաքականութեան:

ԶՈՄ.- Հայկական բազմաթիւ յուշարձաններ, արձանագրութիւններ եւ կոթողներ, որոնք տակաւին չեն ուսումնասիրուած, կը գտնուին ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն դուրս: Այս առումով, ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարուին հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու համար զանոնք, եւ Հայաստանի պետութիւնը ի՞նչ ձեւերով կ՛աջակցի կամ կրնայ աջակցիլ այդ աշխատանքին:

Ր. Ք.- Մեր կազմակերպութիւնը հաւատարիմ մնալով իր նպատակներուն` իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին իրականացուցած է հայոց պետականութեան սահմաններէն դուրս գտնուող հայկական յուշարձաններու ուսումնասիրման աշխատանքը` հիմնականին մէջ Հայաստանի հարեւան երկիրներուն մէջ (Թուրքիա, Իրան, Վրաստան, Ազրպէյճան), ինչպէս նաեւ պատմական սփիւռքին մէջ` Լիբանան, Սուրիա, Հնդկաստան, Ռուսիա եւ այլն: Աշխատանքները անշեղօրէն առայսօր կը շարունակուին: ՀՀ-ն 2009 թուականէն սկսեալ հիմնադրամի աշխատանքներուն կ՛աջակցի, որուն շնորհիւ ալ կարելի եղած է բազմապատկել գործունէութեան ծաւալները:

ԶՈՄ.- Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ սահմաններէն ներս ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարուի այնտեղ գտնուող յուշարձանները, արձանագրութիւնները եւ կոթողները ուսումնասիրելու ուղղութեամբ:

Ր. Ք.- Արցախի տարածքին մէջ ուսումնասիրման հիմնական աշխատանքները իրականացուցած է հիմնադրամի հանգուցեալ տնօրէն Սամուէլ Կարապետեանը: Ներկայիս կ՛իրականացուին առկայ նիւթերու մշակման եւ անոնց հրատարակման պատրաստման աշխատանքները: 2020 թուականէն, մեր «Վարձք» հանդէսի 15-րդ թիւէն սկսած, իւրաքանչիւր թիւին մէջ տեղ կը գտնէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ բռնագրաւուած Հադրութի շրջանի գիւղերու յուշարձանները ներկայացնող յօդուածներ: Շուտով նաեւ լոյս կը տեսնէ «Արցախի մանրատեղանունները» գիրքը, որ Ս. Կարապետեանի աւելի քան 20 տարիներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն է, ինչպէս նաեւ` «Արցախի քարտէսագիրք»-ի անգլերէն եւ ռուսերէն տարբերակները:

2021 թուականի նոյեմբերէն Պելճիքայի Ֆլամանտական կառավարութեան աջակցութեամբ կը պատրաստուի Արցախի պատմական յուշարձանները ներկայացնող կայքէջ, որ տեղեկութիւններու հարստութեամբ եզակի պիտի ըլլայ:

ԶՈՄ.- Նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակներէ ի վեր ականատես եղած ենք հայկական արձանագրութիւններու, յուշարձաններու, եկեղեցիներու, կոթողներու ոչնչացման Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ կամ Վրաստանի կողմէ, ձեր կարծիքով, ի՞նչ ընելիք ունի հայութիւնը, մանաւանդ` հայ ուսանողութիւնը, եթէ ոչ կանխելու, ապա առաւելագոյն չափով կասեցնելու համար պատմական Հայաստանի տարածքին (Արցախ, Ջաւախք, Նախիջեւան, Արեւմտեան Հայաստան) հետագային կատարուելիք ոչնչացման դէպքերը:

Ր. Ք.- Մենք պէտք է գիտակցինք, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՛իրականացուին հայկական յուշարձաններու միտումնաւոր աւերումներ, մեր կոթողներու պահպանութիւնը, այս պահուն, հոն կարելի է կատարել միայն թուղթի վրայ` լուսանկարելով, չափագրելով, տեղորոշելով եւ այլն: Այդպիսով կարելի կ՛ըլլայ պատմութեան համար պահպանել, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս եղած են այդ յուշարձանները` նախքան անոնց իրականացուած ոչնչացումը: Սակայն անհրաժեշտ է նաեւ ոչնչացման ամէն մէկ փաստ ներկայացնել միջազգային համապատասխան կառոյցներուն մէջ` կարելի եղածին չափ դանդաղեցնելու մշակութակործաններու գործողութիւնները:

Այստեղ կարեւոր կը նկատեմ նշել, որ Ազրպէյճանի վերաբերեալ յատկապէս կարեւոր էր 7 դեկտեմբեր 2021-ի Լա Հէյի դատարանի որոշումը, որ Ազրպէյճանը պարտաւորեցուց ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի դրսեւորումները «հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ, ներառեալ` պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, գերեզմանոցներու եւ այլն»: Հետեւաբար պէտք է օգտուիլ դատարանին կողմէ մեզի տրուած իրաւունքէն եւ Ազրպէյճանի ամէն մէկ վանտալական գործողութիւն դիտարկելով որպէս քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիր` ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Վերջինս շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունի կանխելու կատարուած ոտնձգութիւնները, քան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.