Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան Անդրադարձած է «Շուշիի Հռչակագիր»-ին

Թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Վարուժան Գեղամեան Facebook-ի իր էջին մէջ անդրադարձած է «Շուշիի հռչակագիր»-ի որոշ կէտերու, գրելով՝

««Շուշիի հռչակագիր»-ը ստորագրուած է 2021 թ. Յունիս 15-ին, Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Շուշի բերդաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կողմէ։ Անիկա իրաւաբանօրէն կ՝ամրագրէր երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական դաշնակցութեան նոր մակարդակը՝ արձանագրելով Թուրքիոյ իրաւական ներխուժումը Հարաւային Կովկաս։ Այս հռչակագիրը կարեւորագոյն ուղենիշային փաստաթուղթ է մեր թշնամիներուն համար, որ, սակայն, գրեթէ անտեսուած մնաց Հայաստանի մէջ՝ կապուած նախընտրական ամենաթէժ շրջանով (Յունիս 20-ին ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններն էին)։

Հռչակագրին մէջ առկայ են բազմաթիւ դրոյթներ, որոնք ոչ միայն իրենց բնոյթով բացայայտ հակահայկական են, այլեւ կ՝ընդգրկեն ըստ էութեան սպառնալիք Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններուն եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Անդրադառնամ հռչակագրի կէտերէն մէկուն, ուր կ՝ըսուի. «կողմերը կը յայտնեն, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը միաւորող Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ միջանցքի (Զանգեզուրի միջանցքի) բացումը եւ իբրեւ նշուած միջանցքի շարունակութիւն Նախիջեւան-Կարս երկաթուղագիծի կառուցումը կարեւոր նպաստ պիտի բերեն երկու երկիրներուն միջեւ կապի եւ հաղորդակցային յարաբերութիւններու ընդլայնման համար»։

Այս կէտը կը սահմանէ չարաբաստիկ Զանգեզուրի միջանցքի իրաւական հիմնաւորումը (ի դէպ՝ ասիկա դեռ միակ նմանատիպ փաստաթուղթն է), որ դատապարտող բանաձեւին ՀՀ Աժ-ի մէջ այսօր ՔՊ-ական պատգամաւորները դէմ քուէարկեցին։ Ըստ էութեան՝ ՀՀ տէ ֆաքթօ իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց քայլով կը հաստատեն, որ

ա) կայ միջանցք,

բ) միջանցքը քաղաքական է, ոչ տնտեսական, որովհետեւ ուղղուած է Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքական կապի ամրապնդման,

գ) իրենք միջանցքին դէմ չեն։

Կ- կոլաբորացիոնիզմ։

Այլ կէտերու մասին շուտով…»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.