Թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւններ Նախիջեւանի մէջ

Յունիս 7-11 Ատրպէյճանի և Թուրքիոյ բանակային միաւորումները Նախիջևանի մէջ պիտի սկսի՚ «Անդրդուելի եղբայրութիւն 2019» (Sarsılmaz kardeşlik-2019) զօրավարժութիւնը։

Այս մասին կը հաղորդէ Ռազմինֆօ կայքէջը, նշելով, որ կայացած է երկու երկիրներու դրօշներու փոխանակման արարողութիւնը։ Հրապարակուած լուսանկարներուն մէջ յստակ է, որ արարողութիւնը կատարուած է Նախիջևան-Թուրքիա սահմանին մօտ։

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի ևս թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զօրավարժութիւն կայացաւ Կարս քաղաքին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.