ԹՈՒՄՕ-ն` Ջաւախքի Մէջ

ԹՈՒՄՕ-ի եւ Հայ օգնութեան միութեան Ջաւախքի միաւորի համագործակցութեան շնորհիւ, ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագիրը շուտով կը գործէ Վրաստանի Ախալքալաք քաղաքին մէջ:

Ախալքալաքի պատանիները պիտի ապահովուին անվճար նորարարական կրթութեամբ եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներով` ինքնուսուցում իրականացնելով, իսկ դասընթացքները եւ աշխատարանները ԹՈՒՄՕ-ի Գիւմրիի մասնաճիւղին մէջ: Այստեղ պիտի գործէ ԹՈՒՄՕ-ի ամբողջական կրթական փորձառութիւնը. ուսանողները պիտի ծանօթանան 14 կրթական ոլորտներու` մարդամեքենայի շինութենէն մինչեւ շարժանկարներու պատրաստութիւն: Դասընթացքներու գծով անոնց հետ պիտի աշխատին ԹՈՒՄՕ-ի մասնագէտները` ապահովելով կրթութեան նոյն որակը, ինչպէս բոլոր կեդրոններուն մէջ: ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրը ախալքալաքցի պատանիներուն համար հասանելի պիտի ըլլայ հայերէնով եւ անգլերէնով: Սկզբնական շրջանին ուսում կրնան ստանալ  մինչեւ 160 պատանի:

Մօտակայ շաբաթներուն պիտի աւարտին տարածքի վերանորոգման եւ արհեստագիտութեան ապահովման աշխատանքները, իսկ արձանագրութիւնն ու եւ առաջին դասերը պիտի սկսին ապրիլին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.