Թորոնթոյի մէջ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակը

Անխտիր բոլոր ժամանակներուն, ամենայն հաւատարմութեամբ իր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած, Հայաստանի, սփիւռքի, Արցախի մէջ, արտաքին` միջազգային ճակատի վրայ հայութեան դատի հետապնդման դրօշակակիրը հանդիսացած ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարի ջահը միշտ վառ ու բարձր պահած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը Թորոնթոյի մէջ տօնուեցաւ 3 դեկտեմբեր 2022ի երեկոյեան:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ երբ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան բազմավաստակ ընկեր՝ Նշան Աթիքեան ջահով մուտք գործեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը ու զայն փոխանցեց ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի կրտսեր պատանիին, խորհրդանշելով «շարունակել մեր սուրբ գործը»:

Ապա, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» Մասնաճիւղերու 120 պատանիները մուտք գործեցին սրահ եւ պաշտօնական յայտագիրի մեկնարկը տուին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու ինչպէս նաեւ «Զարթի՛ր լաօ» Դիմադրութեան շարժումի խորհրդանիշ երգի կատարողութեամբ:

Երեկոն վարեց ՀՅԴ ԳԵՄի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ՝ Ճինա Գույումճեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ յարգելով Դաշնակցութեան ծառայած ու մեզմէ առյաւէտ հեռացածներուն յիշատակը, երախտագէտ մնալով երէց սերունդի նուիրումին` Մենք, Գանատայի երիտասարդական միութեան ընկերները վճռած ենք մնալ ամուր, չվհատիլ, չմոլորիլ ու կառչիլ հաւատքին: Գույումճեան բացատրեց, որ այս ձեռնարկով բոլորս՝  երէց ու չափահաս, երիտասարդ ու պատանի, միասնաբար կ՚ոգեկոչենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տարեդարձը՝ խոստանալով միշտ վառ պահել դաշնակցականի ազգասիրական եւ հայրենասիրական ոգին։

Ապա՝ ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած բոլոր ընկերներուն:

Գույումճեան հրաւիրեց Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի Թորոնթոյի Ներկայացուցիչ՝ Ալիք Պարսամեանը որ կատարեց «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան պատանիներու խոստման արարողութիւնը, որմէ ետք ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Հրակ Գըլըպոզեան կատարեց պատանեկան շարքերէն ՀՅԴ ԳԵՄի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի շարքեր փոխանցումի արարողութունը:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան Հերթապահ՝ Վահան Աճէմեան, փոխանցեց օրուան խորհուրդը:  Աճէմեան դիտել տուաւ որ այս համախմբումը ուխտ է՝ զօրակցելու եւ մեր վստահութիւնը հաստատելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպան կուսակցութեան, որու կիզակէտը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը:

Վեր առնելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը, հաշուետուութեան օր ըլլալու հանգամանքը, Աճէմեան ըսաւ. «բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել կարելի կ՚ըլլայ միայն ու միայն ժողովուրդին նուիրումով եւ նուիրաբերութեամբ: Ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին»:

Աճէմեան դրուատեց Թորոնթոհայ համայնքը եւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անունով իր շնորհակալական զգացումները փոխանցեց, այն համայնքին, որ ընդառաջած է Հ Յ Դաշնակցութեան կոչերուն: «Ձեր իւրաքանչիւր նիւթական թէ ֆիզիքական ներդրումը՝ մեր աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մէջ, մեծապէս նպաստած է մեր յաջողութեան եւ մեր բոլոր յաջողութիւնները կը պարտինք ձեզի», ըսաւ ան:

Աճէմեան յայտնեց, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն նման, Թորոնթոն ալ այսօր կը դիմակայէ նոր մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ եւ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան:

Խօսքի աւարտին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ՝ Մհեր Գարագաշեան, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի Հերթապահ՝ Վահան Աճէմեան եւ Երէց ընկեր՝ Նշան Աթիքեան հատեցին 132ամեակի կարկանդակը:

Այսպիսով, վերջ գտաւ ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը: Բեմ հրաւիրուեցան Յարութ Պետրոսեան, Մհեր Մինասեան, Յովիկ Մանուշեան, Ժիրօ Միսաքեան եւ հիւրաբար՝ Գօգօ Թիւթիւնճեան եւ հանդէս եկան յեղափոխական երգերով, նուագակցութեամբ «Կիլիկիա» նուագախումբին: Ձեռնարկը ընթացաւ տօնական խանդավառ ու դաշնակցականավայել մթնոլորտի մէջ:

Խաժակ Գուլաճեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.