Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան համար հանգանակուեցաւ 501,450 տոլար
Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան համար հանգանակուեցաւ 501,450 տոլար
«Հորիզոն», 25 Օգոստոս 1386
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան համար կատարուած հանգանակութեան թղթակցութիւնը.
Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան համար հանգանակուեցաւ 501,450 տոլար
Թորոնթօ, 17 Օգոստոս 1986
Հայց. առաք. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հողօրհնէքը տեղի ունեցաւ համաժողովրդական փառահեղ տօնախմբութեամբ՝ Վերափոխումն Ս. Աստուածածնայ տօնին առթիւ, Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ, հազարէ աւելի ազգայիններու ներկայութեան, նախագահութեամբ թեմիս առաջնորդ Բարձր. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տ. Խաժակ Ծ. Վրդ. Յակոբեանի եւ Գեմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Վահան Ա. Քհն. Ղազարեանի: Պատարագեց եւ քարոզեց Սրբազան Հայրը, կատարուեցաւ խաղողի աւանդական օրհնութիւնը, հուսկ՝ հողի օրհնութիւնը: Այդ առթիւ Հայաստանէն բերուած հող եւ հայրենի եօթ սրբավայրերէ բերուած քարեր խառնուեցան կառուցուելիք եկեղեցւոյ գրաւելիք հողամասին մէջ:
Երեկոյեան, Հայ կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ, 800 հոգիի ներկայութեան հանգանակային ճաշկերոյթն էր, որուն ընթացքին հանգանակուած գումարը հասաւ 501,450 տոլարի: Հանգանակութիւնը վարեց ընկ. Վազգէն Թերզեան: Խօսք առին հանդիսավար եւ շինութեան յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յարութիւն Շիթիլեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ ընկ. Հաֆֆի Տէր Պօղոսեան, Հայ կեդրոնէն ներս գործող մեր կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ ընկ. Աբգար Միրաքեան, եկեղեցւոյ հովիւը՝ Խաժակ Հայր Սուրբը, Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ մեր գաղափարակից կազմակերպութիւններու շրջանային մարմիններուն կողմէ՝ ընկ. Խաչիկ Յակոբեան եւ Սրբազան Հայրը:
Թորոնթոյի հայութեան պատմութեան կարեւոր թուականներէն մէկը պիտի մնայ 1986 Օգոստոս 17-ն:
Comments are closed.