Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը օժանդակութեան հեռաձայնի գիծ կը հաստատէ
Սիրելի Հայրենակից,
Հաւաքական մեր ուժը ի մի բերելով, կը յուսանք դուրս գալ COVID-19 համաճարակի ստեղծած ահազանգային կացութենէն:
Այս իմաստով, ձեզի կը վստահեցնենք, որ գաղութիս ամէնավտանգուած անդամները յաւելեալ հոգատարութիւն պիտի ստանան: Հաստատած ենք օժանդակութեան հեռաձայնի գիծ և ե-նամակի հասցէ, որ առաջնահերթութեան կարգով պիտի հասնի ձեր կարիքներուն: Եթե 60 տարիքը բոլորած էք, անկարող էք կամ հիւանդ, եւ չունիք ընտանիքի անդամներ կամ բարեկամներ, որոնք կրնան ապահովել ձեր կարիքները (ուտեստեղէն, դեղորայք, անհրաժեշտ պիտոյքներ), կը խնդրենք հեռաձայնել 416-491-2900×3202 երկուշաբթիէն ուրբաթ, ժամը երեկոյեան ժամը 7:00-9:00 կամ գրել helpline@acctoronto.ca հասցէին:
Գալիք օրերուն նաեւ, ձեր տրամադրութեան տակ պիտի դնենք դաշնակցային եւ նահանգային կառավարութիւններու օժանդակութեան տարբեր աղբիւրներնրեու մասին տեղեկութիւններ ու յղումներ որպէսզի կարենաք դասաւորել ձեր անձնական իրավիճակը:
Սիրելիներ, ունինք անհատական եւ հաւաքական պարտականութիւններ` կանխարգիլելու համար COVID-19-ի տարածումը: Ձեռք ձեռքի տալով պիտի մնանք հոգատար, աշխուժ ու գործունեայ գաղութ եւ պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները:
Մնացէք առողջ:
Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն