Թոյլ Տուէք՝ Հպարտանամ

Աբօ Պողիկեան

Լիոնի նոր քաղաքապետ ընտրուեցաւ բժիշկ Գէորգ Քեփենեկեանը, զոր ճանչնալու առիթը ունեցած եմ իննսունական թուականներու սկիզբը, երբ ան, ամէնէն ծանր տարիներուն, Հայաստան եւ Արցախ կ՛երթար՝ դժուարին վիրահատական գործողութիւններով կեանքեր փրկելու:

Հպարտութեան զգացումով լսեցի Գէորգին՝ կէս միլիոնէ աւելի բնակիչ ունեցող Լիոնի Գործադիր իշխանութեան ղեկավար ընտրուելուն մասին: Իրեն ծանօթացած եմ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, եւ իր հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր կրնայ ըլլալ շատերու:

Թէեւ որեւէ քաղաքի պետ չէ ընտրուած, բայց այս առթիւ կ՛ուզեմ հպարտանալ նաեւ դաշնակցական մէկ այլ ընկերոջ՝ բժիշկ Կարօ Դերձակեանի՝ Հայաստանի մէջ իրագործած աշխատանքներով: Ան ալ նոյն մասնագիտութեան մէջ է, Քեփենեկեանի նման, եւ անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ մինչեւ այսօր, հետեւողականօրէն կը շարունակէ իր ծառայութիւնը՝ հայրենիքի մէջ առողջապահութեան ոլորտի զարգացման ի խնդիր:

Ինչպէ՞ս չհպարտանամ իմ դաշնակցական մէկ այլ բժիշկ ընկերոջմով՝ տոքթ. Հրայր Յովակիմեանով, որ Հայաստանի մէջ երեխաներու սրտի արատը բուժող վիրահատութիւններ կատարած է, միեւնոյն ատեն մարզելով երիտասարդ բժիշկներու ամբողջ սերունդ մը՝ այդ եւ ընդհանրապէս սրտի վիրահատութեան ոլորտը հասցնելով միջազգային ակնառու մակարդակի:

Կուսակցական սնափառութեան կարելի է վերագրել հպարտութիւնս, եւ չեմ ուզեր, որ դաշնակցական նուիրեալներու համեստութիւնը անարդարօրէն վիրաւորած ըլլալու գիտակցութիւնը կաշկանդէ զիս: Ընդհակառա՛կը, կ՛ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել բոլո՛ր այն դաշնակցական բժիշկներուն, որոնք իրենց մասնագիտական կամ այլ նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ բաժին ունեցած են եւ դեռ կը շարունակեն ունենալ Հայաստանի մեր ազգակիցներուն առողջական խնդիրները լուծելու գործին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.