Թշնամին «Bayraktar TB-2» Կիրառած է. Հայկական Կողմէն Զոհուած է Երկու Զինծառայող. Պաշտպանութեան բանակ

Մարտ 25-ի կէսօրին Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները, շարունսկելով հրադադարի խախտումները, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, կիրառած է նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, ներառեալ «Bayraktar TB-2» տիպի։ Այս մասին կը յայտնեն պաշտպանութեան բանակէն։

ԹՇՆԱՄԻի գործողութիւններուն հետեւանքով հայկական կողմէն զոհուած է ՊԲ երկու պայմանագրային զինծառայող: Վիրաւորներուն թիւը կը ճշտուի:

14:00-ի դրութեամբ մարտավարական իրադրութիւնը Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ կը շարունակէ ծայր աստիճան լարուած մնալ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.