Թեմակալ Առաջնորդներու հանդիպում Նիւ Եորքի մէջ

Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան այցելեց ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարան, Նիւ Եորք, ուր յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ նորընտրեալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանին հետ եւ պաշտօնապէս շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը՝ որպէս Թեմակալ Առաջնորդ։

Առաջնորդները խօսեցան Թեմերու համագործակցութեան եւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն մասին, ինչպէս Նոր Կտակարանի եւ Նարեկ աղօթագիրքի հրատարակման, մանուկներն ու պատանիները հետաքրքրող կրօնական օգտակար ծրագիրներու պատրաստութեան եւ այլ հնարաւորութիւններու մասին։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս բեղուն գործունէութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ ամենայն բարիք առաջնորդելու համար իրեն վստահուած Թեմը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.