Թեհլիրեանի Անգլերէնի Թարգմանուած Յուշագրութիւններու Ներկայացում

5 դեկտեմբեր 2022-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերու անգլերէն թարգմանուած գիրքին ներկայացումը:

Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են լիբանանահայ Պետօ Տեմիրճեանին կողմէ, իսկ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձանած էր «Կոմիտաս» հիմնարկը` Արա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ:

Օրուան հանդիսավարն էր Քրիստ Խրոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր պատմութեան մէջ հազուագիւտ է զէնք ու միաժամանակ գրիչ բռնող ձեռքը. Այդ ձեռքն ունէր նաեւ Թեհլիրեան: Անոր յուշագրութիւնները ոչ միայն ականատեսի, այլ ի գործ լծուող մարտիկի վկայութիւններ են, որոնց վրայ պէտք է գուրգուրալ, մեկնաբանել եւ անոնց ընդմէջէն հասկնալ ու տրամաբանել ամբողջ ազգի մը ցաւն ու տառապանքը, այն ժամանակ, երբ անտարբերութիւնը ամենադիւրին միջոցն էր զանոնք թօթափելու, ինչպէս` այսօր նաեւ»:

Սկիզբը հեռակայ կապով հանդէս եկաւ «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան, որ անդրադարձ մը կատարեց աշխատանքի մասին, լուսարձակի տակ առաւ գիրքին եւ զայն ակադեմական ու գիտական շրջանակներու յանձնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` փոխյարաբերական կապը հեղինակին հետ:

«Այսօր արդէն կը մտածուի յուշագրութիւնները ռուսերէնի, թրքերէնի եւ քրտերէնի թարգմանելու մասին: Սակայն աշխատանքի ամէնէն էական բաժինը գիրքին տարածումն է, անոր ցրւումը, եւ այս իմաստով հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մեծապէս կրնան նպաստել», նշեց Սարաֆեան:

Ապա գիրքի հեղինակ Պետօ Տեմիրճեան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան եւ գիրքին մասին, որուն մեծ բաժին աշխատանքը կատարուեցաւ «Քորոնա» ժահրի օրերուն: Նշեց, թէ ինչո՛ւ յատկապէս այս մէկը ընտրեց եւ յայտնեց իր դիմագրաւած դժուարութիւնները: Սակայն ձեռք երկարող մարդիկ չպակսեցան, եւ օրըստօրէ աշխատանքը բիւրեղացաւ եւ գիրքը լոյս տեսաւ:

Ապա խօսք առաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան` հարստացնելով երեկոն եւ փոխանցելով հետաքրքրական որոշ տեղեկութիւններ «Նեմեսիս»-ի եւ անոր դերակատարներուն հետ կապուած: Խօսեցաւ անոնց մարդու տեսակին, տարած աշխատանքին եւ յետգործունէութեան իրենց վարած կեանքին մասին: Ապա ողջունեց աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց «Կոմիտաս» հիմնարկին ու հեղինակին:

Յիշենք, որ Փամպուքեան նաեւ իր ներդրումը ունէր այս աշխատանքի կատարելագործման մէջ:

Աւարտին ներկաները հարցադրումներ կատարեցին, եւ զրոյց մը տեղի ունեցաւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.