Թալէաթ Փաշայի Մասին «Ցեղասպանութեան Ճարտարապետ» Գիրքը Թրքերէնի Թարգմանուած Է

Օսմանեան վերջին շրջանի ու Թուրքիոյ պատմութեան յայտնի մասնագէտ Զիւրիխի համալսարանի փրոֆէսըր Հանս Լուգաս Գիզերի «Թալէաթ փաշայ, ժամանակակից Թուրքիոյ հայրը, ցեղասպանութեան ճարտարապետը» վերնագիրով գիրքը թարգմանուած է թրքերէնի:

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ թրքական որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ աղմկայարոյց որակուած թարգմանութեան մէջ՝ վերջիններուն զայրոյթը յարուցած է 2 հանգամանք. 1-ինը «ցեղասպանութեան ճարտարապետ» արտայայտութիւնն է, 2-րդը՝ որ գիրքը անգլերէնէ թրքերէն թարգմանած «Իլեթիշիմ Եայընլար» թրքական անկախ հրատարակչութիւնը վերնագիրին «ժամանակակից Թուրքիոյ հայր» հատուածը փոխարինած է «իթթիհաթականութեան ուղեղը» արտայայտութեամբ:

Գիրքին՝ «Թալէաթ փաշայ, իթթիհաթականութեան ուղեղը, ցեղասպանութեան ճարտարապետը» վերնագիրով տարբերակը թուրքերուն կողմէ որակուած է իբրեւ «այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան պնդումներու ծանուցում»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.