Ընտրութեան ժամը

Իսկական ընդդիմութիւնը, յանձին Դաշնակցութեան, դուրս դրուած է խորհրդարանէն։ Փտած ուժերը, յանձինս Հանրապետականներու, չէզոքացուած են և փշրուած։ Եւ իրենք՝ մենաշնորհային ուժերը յանկարծ բնական դաշնակիցներ են նոր իշխանութեան հետ…Ա՞յս է պատկերը իրականութեան։ Այս բանի՞ն կը ձգտէին Նիկոլ Փաշինեան և իր համախոհները։ Ժողովրդային շարժման ուժերը ասո՞ր պիտի զիջանին, նոյնիսկ եթէ ան իրենց կը հրամցուի իրենց առաջնորդին հաւաստիքներով։

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

(Ա) Եթէ ծրագիր չունիք ազգային տնտեսութեան ճակատին վրայ համակարգային արմատական փոփոխութիւններ մտցնելու և մենաշնորհային համակարգը վճռականօրէն տանելու մրցակցային դաշտ և տնտեսութեան իրական աճը ԱՅԴ ՃԱՄԲՈՎ բարելաւելու,

(Բ) Եւ եթէ որոշած էք երկրի արտաքին պարտքի ընդհանուր ծաւալը պահել էապէս նոյնը, այսինքն՝ զայն զգալիօրէն չաւելցնել նոր փոխառութիւններով (որ ճի՛շտ նախանձախնդրութիւն է որոշ տրամաբանական սահմաններու մէջ),

(Գ) Ինքնաբերաբար պիտի ստիպուիք դիմելու «ներքին խնայողութեան»՝ համապատասխան գումարներ զեղջելով պետական պիւտճէի բոլոր «ոչ-կենսական» նկատուող յատկացումներէն…

Այսքան պարզ կը թուի ըլլալ այս թուաբանութիւնը հեռուէն դիտողին համար և այսքան թափանցիկ։ Եւ սակայն այդ պարզ գիծերուն մէջ քաղաքական մեծ և ճակատագրական որոշումներ կան առնուելիք և փորձանաւոր ընտրութիւննե՛ր ՝ զորս կառավարութիւնը պիտի ընէ բանալով ծալքերը պետութեան ֆինանսաւորման իր դժուարին օրակարգին։

Հարց է, թէ ո՞ր գումարներն են, որոնք պիտի զեղջուին ընդհանուր նախահաշիւէն ։ Որո՞նք պիտի ըլլան իշխանութեան «դանակին տակ» յայտնուող առաջին «դժբախտ» յատկացումները և ի՞նչ կարգով։ Ամէն գործադիր իշխանութիւն և ամէն խորհրդարան այս հարցումին պատասխան պիտի տայ ըստ իր երկրի դիմագրաւած հրամայականներուն և ըստ իր դաւանած իսկական արժեհամակարգին։ Այսինքն՝ ի պատկերի իւրու՛մ…Եւ հոս է, որ կը բացայայտուի «յեղափոխութիւն» լոզունգին իսկական բովանդակութիւնը և երևան կու գայ անոր իսկական և անպաճոյճ էութիւնը։ Հոս է, որ կը մերկանայ իշխանութեան գաղափարախօսական յանձնառութիւնը։ Հոս է, որ ան կը յայտնուի առանց կեղծ փետուրներու։ Կրթութիւն, գիտութիւն, կենսոլորտ (էկոլոգիա), առողջապահութիւն և մեր պարագային՝ մշակոյթ, զրկեալ խաւերու իրաւանց պահպանութիւն և աշխարհածաւալ Սփիւռքի գոյութեան հետ խորապէս առընչուելու կարողականութիւն և այլ ոչ-շօշափելի թուող կենսատարածքներ։ Ասոնք, սկզբունքով, «վտանգուած» պիւտճէական ծաւալներն են, ուր իշխանութիւնը պիտի ընէ իր ընտրութիւնները և հանրութեան ներկայանայ իր իսկական դիմագծով։

Հեռուէն դիտելով և, անշուշտ, տեսակա՛ն տարբերակով ՝ ասոնք կը թուին ըլլալ այսօր Վարչապետի Պաշտօնակատար Փաշինեանի տնտեսական քաղաքականութիւնը ճշտող հաւասարութեան անյայտները։

Մեր տպաւորութիւնն այն է, որ ցարդ նոր իշխանութեան ներքին տնտեսական քաղաքականութիւնը կը թեքուի դէպի ելևմտական պահպանողականութիւն (fiscal conservatism), որ կրնայ այսօր խոհեմ թուիլ (և նոյնիսկ ընդունելի ըլլալ իշխանութեան գործի առաջին փուլին համար) և սակայն ան կու գայ հաստատելու, որ այս իշխանութեան օրով տնտեսական համակարգը կը յամառի մնալ գաղափարական նոյն հին եզրերուն ենթակայ։ Մենաշնորհի տէրերը կը մնան նոյն տեղը։ Աղքատութիւն, որակաւոր աշխատատեղերու սով, վերաներդրումային ծաւալներու անբաւարար մակարդակ, արտագաղթ, արտաքին պարտքի մեծ բեռ՝ տնտեսութեան և հարկատուի (taxpayer) ուսերուն և ընկերային (սոցիալական) ապահովութեան գոհացուցիչ փաթեթի բացակայութիւն. այս բոլոր մարտահրաւէրներուն իշխանութեան կողմէ «ընդառաջումը» առայժմ տեղի կ՚ունենայ աշխատաւորութեան հաշւոյն փոխանակ շահագործող ուժերու հաշւոյն ըլլալու։ Կրկին անգամ, շահատէրերը կը թուին յաջողած ըլլալ։ Անոնք կը թուին այս վտանգն ալ յաջողապէս շրջանցած ըլլալ… Իսկական ընդդիմութիւնը, յանձին Դաշնակցութեան, դուրս դրուած է խորհրդարանէն։ Փտած ուժերը, յանձինս Հանրապետականներու, չէզոքացուած են և փշրուած։ Եւ իրենք՝ մենաշնորհային ուժերը յանկարծ բնական դաշնակիցներ են նոր իշխանութեան հետ…Ա՞յս է պատկերը իրականութեան։ Այս բանի՞ն կը ձգտէին Նիկոլ Փաշինեան և իր համախոհները։ Ժողովրդային շարժման ուժերը ասո՞ր պիտի զիջանին, նոյնիսկ եթէ ան իրենց կը հրամցուի իրենց առաջնորդին հաւաստիքներով։

Մենք կը գտնուինք տնտեսական քաղաքականութեան ձևաւորման սկզբնական փուլին մէջ և բնականաբար պէտք է խուսափինք կանխադատութեան որևէ փորձութենէ։

Մեր ակնկալութիւնն է, որ նոր կառավարութիւնը հաստատէ չափագրելի և ողջմիտ և միաժամանակ համարձակ թիրախներ (ժամանակի յստակ կտրուածքով) բոլոր վերոյիշեալ ծաւալներու ոլորտին մէջ նշանակալի ոստիւններ իրագործելու ուղղութեամբ։ Կ՚ակնկալենք, որ Պր. Փաշինեան ըսէ յստակօրէն, թէ ե՞րբ վերջ կը գտնէ «առաջին փուլ»ը։ Ի՞նչ անմիջական և շօշափելի քայլեր կը պարունակէ այսօր իր կառավարութեան քաղաքականութիւնը մենաշնորհային համակարգը կազմաքանդելու մարզին մէջ։ Մեր պահանջն է և ակնկալութիւնը՝ որ այս յօդուածի առաջին պարբերութեան մէջ նշուած ենթադրութիւնը հիմնովին շրջուի նոր կառավարութեան քաղաքականութեամբ։ Կը պահանջենք, որ մենաշնորհային համակարգի ճանկերէն դուրս բերուի տնտեսութիւնը և վերադարձուի իսկական արտադրողին և մենք դադրինք մեր սովահար ժողովուրդին պարտադրելէ այն «ոգու սովը», որուն ազդարարութիւնը ըրած է Աւետիք Իսահակեան հարիւր տասնըհինգ տարիներ առաջ։

Ըսած ենք ասկէ առաջ և կը կրկնենք։ Ներկայ իրավիճակը, status quo-ն, ընդունելի չէ։ Ընդունելի չէ որևէ շաքարազօծումով։ Դաշնակցութիւնը դուրս եկած է Ազգային Ժողովէն, բայց ան ամէն տեղ է իր յստակ պահանջատիրութեամբ։ Ինչպէս միշտ, մեզ ակնկալեցէք ամէն անկիւնադարձի վրայ։ Մենք ձեր ամենէն հզօր զօրակիցներն ենք, եթէ դուք գործէք մեր ազգային գերագոյն շահերու դիրքերէն թէ՛ ներքին և թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ։ Եւ անշուշտ մի՛ կասկածիք, որ հակառակն ալ ճիշտ է։ Մեզ կապողն ու բաժնողը պիտի ըլլայ մեր ազգային գերագոյն շահի ստուգանիշը, որ նաև էական չափորոշիչն է մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան կառուցման գործին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.