Ընկ. Յակոբ Եափուճեանը ճանչցած ըլլալու երջանկութիւնը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամեն անգամ, որ սիրելիներէդ մէկն ու մէկը կը հեռանայ այս աշխարհէն,– մանաւանդ երբ, տարիքիդ բերմամբ, կ՚ակնալէիր, որ դուն իրմէ առաջ ընես այդ ճամբորդութիւնը,– տխուր մտորումներ կը պատեն միտքդ, վերստին կ՚անդրադառնաս, որ զգուշութեամբ, խնայողութեամբ ու ամենէն արդիւնաւէտ կերպով ապրելու ես մնացեալ օրերդ…

Մտերիմ ընկերոջս՝ Յակոբ Եափուճեանի անժամանակ մեկնումը զիս դրաւ, քանի՛երորդ անգամ, հոգեկան նման ծանր վիճակի մը մէջ։ Ոչ միայն զիս, քանի որ ինքզինք իրեն հարազատ զգացող ընկերներու սակաւութենէ չէր տառապեր ան։

Ափսոսանքը, սակայն, յատկապէս սեփական ճակատագրին նկատմամբ, որեւէ օգուտ չունի, եւ վստահ եմ, որ Յակոբը ի՛նք առաջինը պիտի ըլլար մեզ կշտամբելու, որ շարունակենք մեր կեանքը ու շարունակենք այնպէս, որ իր յիշատակն ալ խթան եւ ուղեցոյց հանդիսանայ մեզի։

Ի՛սկապէս։

Կան մարդիկ, որոնց հանդիպած ըլլալ պիտի չուզէիր երբեք։ Կան մարդիկ ալ, ընդհակառակն, պիտի ուզէիր շատ աւելի կանուխէն ճանչցած ու ներկայութիւնը վայելած ըլլալ. Յակոբ այս վերջիններէն էր անկասկած։

Այդ ծանօթութիւնը հիմա արդէն ունի տասնամեակներու պատմութիւն։

Տարիներու ընթացքին ինծի ու կնոջս համար հարազատ եղբայր մը դարձաւ ան, իր կողակիցին՝ Սոնիկին հետ, քոյր մը ու եղբայր մը, հարստացնելով մարդկային յարաբերութիւններու մեր ծիրը։

Ծնած ու մեծցած տարբեր երկիրներու, տարբեր միջավայրերու մէջ, մեր հայեցի թէ մասնագիտական ուսումը ստացած տարբեր հաստատութիւններու մէջ՝ կը բաժնէինք սակայն հասարակաց ժառանգութիւն մը, որ անպայման կու գար ընտանեկան յարկէն, բայց մանաւանդ այն գաղափարական հնոցէն, ուր դարբնուած էին մեր մատղաշ հոգիները ի սկզբանէ։ Մեր միջեւ զգացուող հարազատութիւնը արդիւնք չէր միայն զուտ անձնական համակրանքի, այլ կաթիլ առ կաթիլ կազմուած ծով մըն էր։ Այդ կաթիլները կու գային բոլոր այն արժէքներէն, որ մեր ծնողները, դաստիարակները, վարիչներն ու ղեկավարները ջամբած էին մեզի, կոփած մեր մէջ հայը, մարդը, հասարակական կենդանին։

Բայց նաեւ անդաւաճան ամուսին ու հայր էր ան անկասկած։

Երբ քով-քովի կու գայինք, անձնական հարցեր, դժուարութիւններ, մտահոգութիւններ չէին, սովորաբար, որ կը գրաւէին մեր ժամանակը։ Անխուսափելիօրէն ազգային հարցեր էին մեր օրակարգին վրայ՝ հայութեան, կուսակցութեան, մեր հաստատութիւններու, մեր մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւնները, զանոնք հարթելու միջոցները եւ այլն։

Ինք չունէր նախապաշարումներ, կանխակալ կարծիքներ, անբացատրելի, անտրամաբանական կեցուածքներ։ Կրնայինք տարակարծիք ըլլալ, երկար վիճաբանիլ ալ, սակայն վստահ էինք, որ երկուքիս ալ նպատակը նոյնն էր, ուզածը նոյնն էր։ Ոչ մէկ անձնական նկատում տեղ կ՚ունենար իր թեզերուն մէջ։ Իր դատումներուն մէջ ողջամիտ, ուղղամիտ, իր որոշումներուն մէջ միշտ արդար ու անաչառ։

Մեծ յարգանք ունէր պատասխանատու ընկերներուն հանդէպ, մանաւանդ անոնց, որոնց հետ ինք, իբր կրտսեր գործակից, առիթ ունեցած էր աշխատելու։ Սակայն իր հաւատարմութիւնը անձերուն չէր վերաբերեր։ Սկզբունքները անձերէն առաջ կը դրուէին։

Ես ալ այդպէս ճանչցայ զինք նաեւ իբր գործակից, երբ կեանքը այնպէս բերաւ, որ միասին աշխատինք նոյն վարչութեան մէջ՝ մշակութային մարզին առնչուած։ Հաճոյքով կը մասնակցէի իր վարած ժողովներուն, որոնք կ՚ընթանային ընկերական մթնոլորտի մէջ, առանց ժամավաճառութեան։

Յակոբ սկսած էր գրի առնել իր յուշերը, որոնք ոչ թէ իրեն կը վերաբերէին, այլ այն անձերուն, որոնց հետ աշխատած էր, որոնց շունչին տակ ինքն ալ իր հասարակական փորձառութիւնը ձեռք ձգած էր։ Ափսոս, որքա՜ն գրելիք ունէր ան, պատմելիք, որ պիտի չպատմուի այլեւս…

Ինք ունէր երկարամեայ վաստակ թէ՛ մշակութային, թէ՛ կուսակցական եւ թէ՛ ազգային մարմիններու մէջ, սակայն չէի տեսած որեւէ ատեն, որ ան յոխորտար իր կատարած աշխատանքներուն մասին։ Իրեն համար կարեւորը անշահախնդիր ծառայութիւնն էր։ Անսակա՛րկ։ Ան երդուեալ ու հաւատաւոր զինուորեալ էր ու պատրաստ էր կռուելու ո՛ր ճակատին վրայ ուր կռուողի կարիք կար։

Այդ ճակատներէն մէկն ալ՝ վերջիններէ՛ն մէկը, հանդիսացաւ հայերէն բացատրական առցանց բառարանի մեր փայփայած ծրագիրը, որուն անխախտ հաւատացողներէն մէկը եղաւ Յակոբ, քանի որ հայերէնի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի աներեր պաշտպան մըն էր նաեւ։

Այսպէ՛ս պիտի յիշենք զինք ընդմիշտ։

Երբ այս բոլորը կը մտաբերեմ, չեմ կրնար իրապէս հպարտ չզգալ, որ ես ալ Յակոբը ճանչնալու երջանկութիւնը ունեցած եմ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.