Ընկերվար Միջազգայնականը Կը Վերահաստատէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Իր Յանձնառութիւնը

25-27 նոյեմբեր 2022-ին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարի աշխատանքներու ծիրին մէջ քննարկուած է նաեւ 2017 թուականի Քարթախենայի մէջ տեղի ունեցած 25-րդ համագումարին կողմէ որդեգրուած բանաձեւի մը իրականացումը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման:

2015 թուականի յուլիսին գումարուած Ընկերվար միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովին մէջ որոշուած էր կազմակերպել «Արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը կարելիութիւն պիտի տա՞յ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իրական հաշտութեան» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում: Այս ժողովին պէտք է մասնակցէին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ այլ հետաքրքրուած կուսակցութիւններ, յատուկ հրաւիրուած մասնագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ուրիշներ:

Ընկերվար միջազգայնականի 25-րդ համագումարը վերահաստատած էր իր այս յանձնառութիւնը: 26-րդ համագումարը նոյնպէս անդրադարձած է այս հարցին ու եզրակացուցած. «Համագումարը կը վերահաստատէ իր նախկին յանձնառութիւնը` կապուած իր թրքական եւ հայկական անդամ կուսակցութիւններուն միջեւ նախաձեռնութեան, բանաձեւուած` 2017 թուականի Քարթախենայի յայտարարութեան մէջ, եւ կը վերահաստատէ ատոր իրականացման ուղղութեամբ աշխատելու իր պատրաստակամութիւնը` համապատասխան կողմերուն հետ սերտ համագործակցութեամբ»:

Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարը գումարուած է 25-27 նոյեմբերին Մատրիտի մէջ, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերած են բոլոր ցամաքամասերէն շուրջ 100 պատուիրակութիւններու աւելի քան 450 մասնակիցներ: Մասնակիցներու շարքին էին պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, կուսակցութիւններու ղեկավարներ եւ յատուկ հրաւիրուած հիւրեր:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ հոլովոյթը կը նկատէ ամբողջապէս սխալ ուղղութեամբ տարուող քաղաքականութիւն, հետամուտ պիտի ըլլայ այս յանձնառութեան իրականացման` Ընկերվար միջազգայնականի կողմէ համատեղ ձեւաւորուելիք հարթակի մէջ: ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը իրատեսական է բացառապէս թրքական կողմէն նախապայմաններու բացակայութեան եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման չկապելու պայմաններուն մէջ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս ուղղութեամբ հաւանական զարգացումներու վերաբերեալ հանդէս պիտի գայ հրապարակային յայտարարութիւններով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.