Ընկերվար Միջազգայնականը Ազրպէյճանին Յորդորած Է Բանալ Լաչինի Միջանցքը

ՀՅ Դաշնակցութեան առաջարկով` Ընկերվար Միջազգայնականը անդրադարձած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

11 յունուարին ընդունուած յայտարարութիւնը, որ կը կրէ «Ընկերվար միջազգայնականի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ» խորագիրը, թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Ընկերվար միջազգայնականը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի` իբրեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ եզակի ցամաքային կապի, փակման առնչութեամբ:

Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք ապահովելու միջանցքի երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան:

Մարդասիրական իրավիճակը ծայր աստիճան լարուած է, ուստի Ընկերվար միջազգայնականը կողմերուն խստօրէն կը յորդորէ երթալ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու, կանխել փակման հետեւանքով խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական ճգնաժամը»:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջոցով, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան արտաքին քաղաքական կարելիութիւններով լայնածաւալ աշխատանքներ տանիլ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, միջազգային զօրակցութեան ապահովման եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ միջազգային ճնշումներու յառաջացման ուղղութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.