Ընդդիմութեան Հանրահաւաք` Առ Ի Պաշտպանութիւն Սիւնեցիներու

22 ապրիլին, Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպեց` առ ի պաշտպանութիւն քաղաքական հետապնդման ենթարկուող սիւնեցիներուն:

Հանրահաւաքին մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել Սիւնիքի շարք մը համայնքապետներ, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուած էին 21 ապրիլին Սիւնիքի տարբեր վայրերու մէջ Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի արտայայտութիւններուն պատճառով:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր մենք տեսանք, որ թուրքը Երեւանի մէջ է արդէն, ո՛չ միայն մէկ թուրք, այլեւ բազմաթիւ թուրքեր, որոնք յոյս ունէին, որ դիմակներ կրելով պիտի չճանչցուէին:

Հանրահաւաքին մասնակիցները, ոստիկաններուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան դէպի ընդհանուր դատախազութեան շէնք` հանրապետութեան ընդհանուր դատախազէն պահանջելով սիւնեցիներուն դէմ գործուած բազմաթիւ իրաւախախտումներուն դէմ յստակ քայլերու ձեռնարկել, ինչպէս նաեւ դադրեցնել բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն դէմ սանձազերծուած քաղաքական բոլոր հետապնդումները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ շատ յստակ եւ օրէնքի հիման վրայ պահանջներ ունին. «Առաջին կարեւորագոյն պահանջը` հայրենիքի ազատագրութեան համար մարտնչած, Սիւնիքի սահմանները անառիկ պահած հայ ժողովուրդի հայրենապաշտ զաւակները, որոնք այսօր անօրինական ձեւով անազատութեան մէջ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին», ըսաւ ան:

Մինասեան նաեւ անդրադարձաւ Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան եւ նշեց. «Ձեզի հետ միասին ականատես եղանք բեմադրութեան, երբ գլխաւոր հայրենադաւը, նախաապէս իմանալով իր անձին նկատմամբ Սիւնիքի մարզի բնակիչներուն վերաբերմունքն ու կարծիքը, գաղտագողի, առանց տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու գիտութեան, ներխուժած է Սիւնիք: Սադրիչ գործողութիւններ հրահրելու միջոցով հայրենիքի գլխաւոր ազգադաւը որոշած էր ճեմել Սիւնիքի մարզի քաղաքներուն մէջ: Ո՛չ միայն ճեմել, այլեւ ակնյայտօրէն հրահրել սադրիչ գործողութիւններ»:

Մինասեանի համաձայն, պաշտօնական լիազօրութիւններու բացայայտ չարաշահում եղած է, մինչդեռ իրաւապահ մարմինները առարկելու փոխարէն հլու-հնազանդ կատարած են հրահանգները` ծառայելով գլխաւոր դաւաճանին:

Դատախազութեան մօտ հաւաքուած քաղաքացիները կը վանկարկէին` «Առանց թուրքի Հայաստան»:

Հանրահաւաքի մասնակիցները հաւկիթ նետեցին դատախազութեան շէնքին ուղղութեամբ, որմէ ետք իրավիճակը լարուեցաւ:

Ոստիկանները բռնի ուժ կիրարկեցին եւ բերման ենթարկեցին հանրահաւաքի շարք մը մասնակիցներ, որոնց կարգին է ՀՅԴ Արտաշատի «Դուման» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գերասիմ Վարդանեանը, զոր բերման ենթարկեցին Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժանմունք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.