Զօրակցինք Լիբանանահայութեան

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ։ Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, երկրի մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են Լիբանանցի քաղաքացին։

Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք հետզհետէ վատթարացող երկրի ճգնաժամին հետեւանքով, կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, 2019-ի երկրին մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն ի վեր ճիգ չէ խնայած հոգալու Լիբանանահայ գաղութին անմիջական պէտքերը՝ անոնց շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ, բժշկական անվճար ծառայութիւններ, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով։ Շնորհիւ ՀՕՄ-ի համակիրներու առատաձեռն նուիրատուութ-իւններուն, ցարդ ընդհանուր $600,400 ամերիկեան տոլար հանգանկուած գումարը ամբողջապէս կը յատկացուի Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն գործադրման։

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը $94,500 տոլարով մասնակցեցաւ այս հանգանակութեան։

Ահաւասիկ տարի մը անցած է Օգոստոս 2020ի ահաւոր պայթումէն, սակայն Լիբանանա-հայութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք մեր նիւթական աջակցութեան կարիքը ունի։ Հետեւաբար, առաջին հանգրուանով, ՀՕՄ-ը կը նախաձեռնէ $100 ամերիկեան (130 գանատական) տոլար յատկացնել ահաւոր պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։ Առ այդ, կը դիմենք ՀՕՄ-ի մեր անդամներուն, բարերարներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի մասնակից դառնան այս նախաձեռնութեանը։ Լիբանանի Կողքին դրամահաւաքին ձեր ներդրումը բերելով կրնաք ընտանիքի մը անմիջական ապրուստը ապահովել։

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

1)Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին,  հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2)Այցելելով ՀՕՄի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/donations/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Lebanon fund-ը:

3)Etransfer ով, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ել-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել թէ՝ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Լիբանանի Օժանդակութեան,- AID FOR LEBANON

Վստահ ենք որ անգամ մը եւս Գանատայի մեր հայրենակիցները անվերապահօրէն պիտի աջակցին Լիբանանահայութեան դրամահաւաքի օժանդակութեան աշխատանքներուն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.