Զօհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի Խումբի Համանախագահներուն Հետ

«Արմէնփրէս».- 13 Հոկտեմբերին, պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ: Հեռահար ձեւաչափով հանդիպման միացած էր նաեւ ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթի:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրադրութիւնը:

Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ, հակառակ 10 Հոկտեմբերին զինադադարի վերաբերեալ նախարարական մակարդակով կատարուած միացեալ յայտարարութեան՝ Ատրպէյճան մինչ օրս չի կատարեր իր յանձնառութիւնը եւ կը շարունակէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ ենթակառուցուածքերը դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելը:

Նախարար Մնացականեան յատկապէս ընդգծեց տեղւոյն վրայ ստուգման համակարգերու ներդրման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ կրակի դադրեցման եւ այդ դրութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց:

Զրուցակիցները ամփոփեցին խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ մինչ օրս տարուած աշխատանքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.