Զինուորեալը՝ Միշտ Զինուոր. Նուէր Պատնէշի Վրայ Մնացողներուն

Վրէժ-Արմէն

Այս զրոյցը կուսակցական ըլլալուն մասին չէ, կուսակցականներուն ալ մասին չէ, թէեւ ինչպէս ուրիշներու, անոնց ալ կրնայ առնչուիլ։

Այս զրոյցը ծառայութեա՛ն մասին է, ծառայութեան, ի՛նչ ճամբով ալ ըլլայ ան։ Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի հասարակական ոլորտին, կը վերաբերի կամաւո՛ր ծառայութեան։

Երբ կ’անդամակցինք որեւէ հանրօգուտ անշահաբեր կազմակերպութեան, կ’անդամակցինք քանի մը պատճառներով, առաջին հերթին` մեր մասնակցութիւնը բերելու անոր գործունէութեան՝ այդ ձեւով ալ մեր բաժինը ընծայելու հաւաքականութեան օգտակար ըլլալու աշխատանքին։ Այս պատրաստակամութենէն անդին կամ նոյնիսկ անոր ետեւ կա՛յ, անշուշտ, այն հետաքրքրութիւնը, այն սէրն ու խանդը, որ ունինք այն ոլորտին հանդէպ, որուն ծառայութեան է նուիրուած տուեալ կազմակերպութիւնը։ Վերջապէս կայ նաեւ յանձնառութեան հարցը, որ պատասխանատւութեան զգացումի մը առկայութիւնն է, գիտակցութեան մը վկայութիւնը։

Մեզմէ անոնք, որոնք հետաքրքրուած են մշակոյթի զարգացմամբ, կրթութեան յառաջացմամբ, կ’անդամակցին մշակութային-կրթական միութիւններու, կը մասնակցին խումբերու, որոնք ինքնազարգացմամբ կը պարապին, այլեւ, ինչու ոչ, նաեւ կը պարեն, կ’երգեն, բեմ կ’ելլեն, կը գրեն կամ կ’օգնեն հաստատութիւններու կազմակերպական աշխատանքներուն եւ այլն։

Ուրիշներ, որոնք կապ մը կը զգան մարզական, երիտասարդական ոլորտին հետ, նոյնպէս կ’անդամակցին համապատասխան միութիւններու, կը նպաստեն այդ ոլորտի զարգացման։

Տակաւին անոնք, որոնք հետաքրքրուած են ընկերային-բարեսիրական աշխատանքներով, կը գտնեն զիրենք հրապուրող կազմակերպութիւնները կամ հաստատութիւնները, ժամանակ կը տրամադրեն այդ մարզին մէջ իրենց օգտակարութիւնը բերելու։

Վերջապէս, ուրիշներ ալ հետաքրքրուած կ’ըլլան քաղաքական գործունէութեամբ, մաս կը կազմեն կուսակցութիւններու՝ երկրի մը կառավարման տարբեր մակարդակներուն վրայ, թեկնածու կը դառնան, կ’ընտրուին, կը գործեն ազգային ժողովներու, խորհրդարաններու կամ նման կառոյցներու մէջ կամ կողքին ու կը բերեն իրենց օժանդակութիւնը։

Սա ընդհանրական երեւոյթ է, ոչ միայն հայկական։

Այս բոլորը գիտցուած, գիտակցուած իրողութիւններ են, կրկնելու անհրաժեշտութիւն կրնայ չըլլալ, բայց եւ այնպէս, յիշեցնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Բայց այդ յիշեցումն ալ չէ յօդուածիս նպատակը։

Բոլոր պարագաներուն, ըստ կարողութեան ու հնարաւորութեան, այդ կազմակերպութիւններու որոշ անդամներ կը հասնին ղեկավար դիրքերու, կը վերցնեն պատասխանատու պաշտօններ՝ յանձնախումբերու ատենապետութենէն մինչեւ երկրի մը վարչապետի կամ նախագահի բարձրագոյն աստիճանները։ Անոնք այդ պաշտօնները կը վարեն առաւել կամ նուազ տեւողութեամբ, ըստ սահմանուած օրէնքներու կամ աւանդութեան, ապա իրենց տեղը կը զիջին իրենց յաջորդներուն։
Միշտ չէ, սակայն, որ այդ զիջումը հեզասահ կ’ըլլայ։

Որքան ալ որ իմաստութիւնը այդ պահանջէ, որքան ալ որ տուեալ կազմակերպութեան մը շա՛հն ալ այդ պահանջէ այն առումով, որ միշտ նոր ուժեր հասնին ղեկավար դիրքերու, փոխարինեն երկարատեւ, գուցէ արդէն յոգնած գործողները, նոր շունչ բերեն ղեկավարման մէջ, բարձր պաշտօններու հասնողներ կա՛մ չեն կրնար ինքզինք երեւակայել այդ պաշտօններէն զուրկ, կա՛մ ինքզինք կը նկատեն անփոխարինելի եւ կ’ընդդիմանան, կը դիմեն ամեն տեսակի ապօրինի միջոցներու, կը մերժեն զիջիլ, կը մ երժեն դրօշարշաւի դրօշը փոխանցել իրենց ետեւէն վազող-հասնողին, կը մերժեն զայն պատրաստել իրենց տեղը առնելու։ Այդպէս է, որ բռնակալներ կը յառաջանան, այդպէս է, որ ժողովրդական քուէներով իսկ ընտրուած պաշտօնատարներ կը վերածուին… ցկեանս իշխող թագաւորներու։ Այդպէս է նաեւ, որ զինուորական հարուածներով, ահաբեկչութեամբ կամ յեղափոխութեամբ վար կ’առնուին անոնք։

Այս տխուր երեւոյթները նուազ տարողութեամբ տեսած ենք ու կը տեսնենք նաեւ մե՛ր հաւաքական կեանքին մէջ, մեր ազգային-կազմակերպական կեանքին մէջ։ եւ եթէ մեր պարագային իշխաններ ու թագաւորներ չեն յայտնաբերուիր, միւս կողմէ ականատեսն ենք ուրիշ բացասական երեւոյթի մը, որուն վերացման համար է, որ գրի կ’առնեմ այս տողերը։

Այդ մեկուսացումն է, ինքնամեկուսացումը այն պատասխանատուներուն, որոնք յանկարծ ամբողջովին կը բաժնուին մեր հաւաքական կեանքէն իրենց վարած պաշտօններէն հեռանալէ ետք։

Երկա՜ր տարիներ այնքան նուիրումով ու զոհաբերութեամբ, հետեւողականօրէն ու անսակարկ ծառայելէ ետք իրենց այնքա՛ն սիրած, փայփայած այդ միութիւններուն, հաստատութիւններուն կամ կազմակերպութիւններուն մէջ, անոնք մէկ օրէն միւսը երես կը դարձնեն անոնց, կը բացակային անոնց անդամական ժողովներէն ու հրապարակային մ իջոցառումներէն, կ’անհետանան հորիզոնէն։ Մինչդեռ եթէ անոնք իրապէ՛ս այդքան հաւատքով փարած էին իրենց պատկանած այդ կառոյցներուն, իրենց ղեկավար դիրքերը զիջելէ ետք անոնք կրնային շարունակել ծառայել որպէս աջակից նոր ղեկավարներուն, որպէս խորհրդական, որպէս այս կամ այն աշխատանքին մասնակից կամ լոկ որպէս պարզ անդամ՝ իրենց փորձառութիւնն ու հմտութիւնը շնորհելու համար իրենց յաջորդներուն՝ այդ ձեւով նաեւ շարունակելով վայելել անոնց ու շրջապատին յարգանքն ու երախտագիտութիւնը։

Դաշնակցութեան շարքերը դիմող նորընծան կ’երդնու իր բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ, նաեւ կեանքին գնով ծառայել… Առանց նման երդումի` գրեթէ նոյն յանձնառութիւնն է, որ կը վերցնենք, երբ կ’անդամակցինք մեր ազգային կազմակերպութիւններուն։ Այդ մեկուսացումն է, ինքնամեկուսացումը ա՛յն պատասխանատուներուն, որոնք յանկարծ ամբողջովին կը բաժնուին մեր հաւաքական կեանքէն իրենց վարած պաշտօններէն հեռանալէ ետք։

Որքան ալ դիրք զիջիլը դժուար ըլլայ ոմանց համար, այդ դիրքերէն դուրս եւս տեւական ծառայութեան գիտակցութիւնը ցկեանս գոհունակութիւն չէ՞ արդեօք, որ պիտի պատճառէր բոլորին: Պէ՛տք է պատճառէ։

Անգամ մը, որ զինուորեալ դարձար, զինուո՛ր ես մ ինչեւ կեանքիդ վերջ…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.