Զարուհի Տէրոյեան. Վասպուրականի ՀՅԴ կառոյցի առաջնորդ հայուհին

Դաշնակցական հայդուկապետ Վազգէնի քոյրը՝ Ժենիան (Զարուհի Տէրոյեան) երիտասարդ տարիքին ընտրուած է ՀՅԴ Վասպուրականի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ

Ծ.Խ.- Զարուհի Տէրոյեանի (Ժէնիա) մասին այս յօդուածը լոյս տեսած է «Հայրենիք»ի 1906 Յուլիս 21-ի թիւին մէջ, որ նուիրուած է Վասպուրականի ինքնապաշտպանութեան կռիւներու տասնամեակին: Զարուհին ծանօթ հայդուկապետ Վազգէնի (Տիգրան Տէրոյեան) քոյրն է: Ծնած է 1870-ին: Երիտասարդ տարիքին ընտրուած է ՀՅԴ Վասպուրականի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Յեղափոխական իր գործունէութեան համար թրքական կառավարութիւնը զինք կը բանտարկէ, ապա կ՚աքսորէ Պոլիս, յետոյ Երուսաղէմ:

Սահմանադրութեան օրերուն կը վերադառնայ Վան, որմէ ետք կը մեկնի Գերմանիա մանկավարժութիւն ուսանելու: Շրջան մը Եգիպտոսի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ: 1919-ին կը մեկնի Երեւան, միանալու իր ծերունի մօրը: Մահուան թուականին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ չկան: Վազգէնի եւ Զարուհիի 13 տարեկան փոքր եղբայրը՝ Վարազդատ, Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» գործի Վազրիկն է: Բանաստեղծական պատառիկը կը պատկանի Զարուհիի գրչին, գրուած 1901-ին Երուսաղէմ, աքսորի օրերուն: Նշենք, որ յօդուածը կը հրատարկենք հաւատարիմ մնալով բնագիրին:

Վազգէնի քոյրը, Վազգէնի արժանաւոր քոյրն էր Օր. Զարուհի, որ իր եղբօրը հետ աշակերտեցաւ Պետօին,- առաջին յեղափոխական դէմքը Վասպուրականի հայ իգական սեռին մէջ, ո՛չ միայն ժամանակով՝ այլ եւ արժանիքով:

Ո՞վ չի ճանչնար ան, ո՞ր կտրիճ վանեցին տաքուկ յիշատակ մը պահած չէ իր սրտին մէջ՝ այդ արի քրոջը համար, որ իր անձնւէր գործունէութեամբը պատիւը եղաւ ամբողջ Վասպուրականին:

Քաջառողջ ու կորովի՝ Զարուհին իր եղբօրը պատկերն էր: Միշտ գործի վրայ, միշտ զբաղած – ամէն տեղ էր ան: Ցերեկը վարժուհի էր ան, Յանկոյսներու աղջկանց վարժարանին մէջ – պարագայ մը, որ դիւրութիւն կուտար, պատեհութիւններ կը ստեղծէր այցելելու ամէնուն տուները: Վարժուհիէն աւելի բան մըն էր ան – գաղափարի քարոզիչը որ անխոնջ եռանդով կը ջանար հայ կինը գիտակցութեան բերել ու լծակիցը ընել՝ իր եղբայրներու ո՛չ միայն տառապանքին, այլ եւ ճիգերուն:

Վարժուհին, շրջիկ քարոզիչը աւելի բան մըն ալ էր – գործի մարդը, Զէնքի փոխադրութեան գործերու մէջ Զարուհին շատ կարեւոր դեր մը խաղաց:

Ինքը զինւած միշտ, անվախ կը շրջէր քաղաքին ամէնէն տագնապալի օրերուն մէջ իսկ – ծպտւած միշտ, երբեմն քիւրտ աշարի հագուստով, քիւրտազգեստ խօլամներու հետ:

Կառավարութիւնը կասկածի ինկած էր արդէն, բայց փաստ չունէր ձեռքը: Եւ 1896ի ահաւոր օրերուն, երբ ջարդի պատրաստութիւններ կը տեսնէին, հարւածը գլխէն զարնել կարծեցին խուզարկութիւններու ատեն, մասնաւոր խստութեամբ մը տակն ու վրայ ընելով Տէրոյեաններու տունը:

«Տիգրանը (Վազգէն) բացակայ է լինում – կը պատմէ Պետօ – տունը լինում են նրա մայրը, երկու քոյրերը եւ 7 տարեկան փոքրիկ եղբայրը:

«Զինւորները երկու ժամ շարունակ խուզարկում ենխստիւ տունը եւ ոչինչ չգտնելով, սկսում են քանդել ամէն ինչ, զէնքի պահեստ գտնելու համար, Շների այդ գունդը օրիորդ եւ մօր հետ անպատկառ կերպով են վարւում եւ վերջիվերջոյ սկսում են ծեծել նրանց: Օրիորդը ցոյց է տալիս կատաղի ընդդիմութիւն: Փօլիս Յակոբ էֆէնտին ծեծելով աշխատում է օրիորդին խուզարկել եւ նրան յաջողւում է գրպաններից հանել երկու կասկածաւոր տոմսակներ: Այդ տոմսակներով նրան ցանկանում են ձերբակալել, մեղադրում են նրան Վանայ Դաշնակցական կօմիտէին մասնակցելու մէջ: Օրիորդ Զարուհին ընդդիմադրում է: Դրութիւնը անորոշ է», Դրօշակ, 1896:

Այդ անորոշ դրութիւնը երկար չտեւեց. երկու շաբաթ ետք 1896 յունիս 3 (15)ին, երբ ջարդը սկսաւ, կառավարութեան առաջին գործը եղաւ Զարուհին բանտարկել տալ: Իշխանութիւնները կը նախատեսէին անշուշտ թէ ի՛նչ դեր կրնար կատարել արի հայուհին, մահու եւ կեանքի այն ծանր օրերուն մէջ, ուր ընկղմեցաւ Վանը շաբաթ մը շարունակ:

Կառավարութիւնը չբաւականացաւ ատով, իր ճանկերուն մէջ գտնւած զոհը քաւութեան նոխազ մը ուզեց շինել դիւային ծրագրի մը համար:

Բաւական չէր դահիճը ըլլալ հայուն, սուլթանին պէտք էր վարկաբեկել Եւրօպայի առջեւ հայ յեղափաոխականին անունն ու պատիւը: Եւ ահա Փարիզի Օսմ. դեսպանը լրբութիւնն ունեցաւ իր զեկուցումներէն մէկուն մէջ Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւը իբրեւ քանի մը հայ սրիկաներու կռիւը ներկայացնելու, լկտի աղջկայ մը անբարոյական ընթացքին համար:

Հոս խօսքը կուտանք տեղացիի մը վկայութեան. «Կառավարութիւնը որպէսզի այս անօրինակ սուտը կարողանար կլլեցնել եւրոպացիներին, Վանի իշխանութիւնների միջոցով մի թիւրք մանկաբարձուհի խրկեց բանտը, որ քննէր Օր. Զարուհիի կուսութիւնը: Հայերը կարողացան միջոց ձեռք առնել եւ թիւրք մանկաբարձուհիին ընկերացնել մի հայ մանկաբարձուհի: Թիւրք կառավարութիւնը հաստատ համոզւած էր որ այդպիսի մի գեղանի օրիորդ, այդքան երիտասարդների հետ շփւելուց յետոյ, չէր կարող ազատ մնալ անկումից: Բայց սխալւեց, մանկաբարձուհիները եկան ու հաստատեցին օրիորդին կուսութիւնը…»:

Ընթերցողը կրնայ երեւակայել հոգեկան այն տանջանքները որ կը կրէր Զարուհին, այն պահուն երբ բռնի անջատուած իր սիրած գործէն, հարկադրուած էր տեսնելու, լսելու ու կրելու այն աղտոտ մեքենայութիւնները, որ կը լարւէին իր շուրջը:

Բարեբախտաբար երկար չտեւեց այդ բանտարկութիւնը. կառավարութիւնը մեծ կռւէն ետք խստութիւնները թուլցուց, սահմանագլխի վրայ լարւած վիճակը մեղմելու համար – եւ Զարուհին ալ արձակւեցաւ բանտէն, քանի մը ամիս ետք, 60 ոսկի երաշխաւորութեամբ:

Բայց հանգստութիւն չկար այլեւս անոր. ամէն անգամ որ ոստիկանութիւնը Տիգրանի (Վազգէն) հետամտիլ կ՚ուզէր, Զարուհին կը հարցաքննէր: Հետաքննիչ ոստիկանի այդ պաշտօնը կատարեց նաեւ գնդապետ Ուիլեէմս, 1897 օգոստոսի վերջերը, Վազգէնի անձնատւութիւնը յաջողցնելու համար:

Քանի մը ամիս ետք (1898 յունուար 2) Կուռուպաշի մօտ սպանւեցաւ Վազգէն իր երկու ընկերներով – բայց կառավարութիւնը հանգիստ չեղաւ. Զարուհիի ներկայութիւնը Վանի մէջ «վտանգ» մը կը համարէր իրեն – ու աքսորեցին վշտաբեկ օրիորդը մինչեւ Երուսաղէմ, մեծ հրեային ու նահատակին հայրենիքը, որ ժամանակէ մը իվեր աքսորավայրը եղած է հայ քաղաքական բանտարկեալներու…

Զարուհիին թշնամիները հոտ ալ չդադրեցան ան հալածելէ. Երուսաղէմ, իբրեւ ուխտաւորներու կեդրոն, արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութեան մէջ կը գտնւի. ու կառավարութիւնը, տկար աղջիկէ մը պաշտպանւելու համար, աւելի ներս աքսորել տւաւ ան, դէպի Դամասկոս, ուր կը գտնըւի հիմա հէգ Զարուհին, իր անուշ ու դառն յիշատակները ունենալով իբրեւ միակ մխիթարութիւն:

Որքա՜ն տկար զգալու է ինքզինքը ռէժիմ մը՝անօգ կին մըհալածելու համար տասը տարի անընդհատ…

 

Աքսորի մէջ

գրեց՝ Ժենիա

            Դառնաշունջ ձմրան այն սաստիկ ցուրտին

            Զիս Հայրենիքէն հեռու քշեցին…

            Անպատմելի են իմ բոլոր տանջանք,

            Մինչեւ որ հասայ սրբազան այս վանք…

 

            Ախ իմ հայրենիք, պղծուած, աւերուած,

            Վանք ու տաճարներ՝ հիմնաւեր քանդուած

            Չկայ ընտանիք, չկայ գերդաստան,

            Որ չէ գիշատեր տաճիկը գազան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.