«Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Արդէն Իրականութիւն Կը Դառնայ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը արդէն իրականութիւն կը դառնայ` հաշուի առնելով լայնածաւալ աշխատանքները, որոնք կ՛իրականացուին Ղարաբաղի մէջ տագնապի աւարտէն ետք:

«Հայրենական պատերազմին մէջ յաղթանակէն եւ Հայաստանի հետ տագնապի լուծումէն ետք Ազրպէյճանը սկսած է լայնածաւալ աշխատանքներ կատարել Ղարաբաղի վերականգնման եւ Արեւելեան Զանգեզուրի,  ներառեալ միջազգային փոխադրամիջոցային կապերու զարգացման գործին մէջ: Զանգեզուրի միջանցքը արդէն իրականութիւն կը դառնայ», Աշկապատի մէջ սկսած Կասպեան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.