Եւրոպան, Ծայրայեղ Աջը Եւ Մենք

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Եւրոպայի տարածքին տակաւ կ‘աճին ծայրայեղ աջի նկատմամբ ժողովրդային համակրանքն ու զօրակցութիւնը: Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Հոլանտայի, Շուէտի մէջ ՏԻՄ-ի, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւողականօրէն կը բազմապատկուի ծայրայեղ աջ կուսակցութիւններու աթոռներուն քանակը: Անոնք արդէն իսկ համախմբումներ ստեղծած են իրարու միջեւ, եւ հետզհետէ կը փորձեն «բիւրեղացնել» իրենց գաղափարախօսութիւնը: Մերձաւոր Արեւելքէն եւ Ափրիկէէն դէպի Եւրոպական ցամաքամաս գաղթականութեան հոսքը հիմնական խաղաքարտի վերածած` անոնք կը ճգնին օրէ օր քիչ մը աւելի միտք ձեւաւորել: Այս հալածախտով կը յառաջանան անոնք երկուստեք. քուէարկող զանգուած եւ դէպի քուէատուփ մղող քաղաքական վերնախաւ: Անոնք իրենց տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններուն ու տագնապին պատճառը կը նկատեն գաղթականութեան ալիքը: Անշուշտ այս տրամաբանութիւնը ճիշդ չէ երբեք, անլուրջ ու մակերեսային մեկնաբանութիւն է, սոսկ ամբոխավարական շահարկում է, եւ տագնապը ունի շատ աւելի խորունկ պատճառներ, մասնագիտական լուրջ բացատրութիւններ, որոնց մասին չէ սակայն, որ կ‘ուզեմ անդրադառնալ այստեղ, այլ` նոյն այս օղակէն ներս հայկական գործօնին:

Արդարեւ, մտահոգիչ է հայ քուէարկողին պարագան: Վերը նշուած երկիրներուն մէջ ապրող հայ քաղաքացիներու նկատառելի թիւ մը իր հերթին սկսած է թեքիլ դէպի այդ ուղղութեամբ, եւ ահաւասիկ հոս է անհասկնալին: Այո՛, անհասկնալին եւ անընդունելին: Ինչպէ՞ս, ո՞ր տրամաբանութեամբ, քաղաքական ի՞նչ հէնքի վրայ կարելի է բացատրել կամ արդարացնել նման դիրքորոշում: Ինչպէ՞ս կարելի է հայ ըլլալ եւ խորթ ընդունիլ ու յոռի սեպել ոեւէ գաղթական, մերժել ու անգա՛մ անարգել զայն, չզգալ անոր վիճակը, հոգեբանութիւնը, դժնդակ պայմանները: Մոռցա՞նք մեր անցեալը, մեր ոչ այնքան հեռու պատմութիւնը: Եւ տակաւին կայ աւելի՛ն, առաւել գայթակղեցնողը: Լիբանանէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն դեռ երէկ Եւրոպա ժամանած, դեռ տուեալ երկրին լեզուին, կենցաղային պայմաններուն չընտելացած հայը, խորքին մէջ ի՛նքը գաղթական, արդէն այլամերժութեամբ կ‘ընկալէ իր ճակատագրակիցը կամ բախտակիցը, դառնալով պապէն աւելի պապական … Ինչու՞, մանաւանդ` ի՛նչ եւ ո՛ր իրաւունքով:

Տակաւին այս բոլորը` անհատական մակարդակի վրայ: Հապա՞ հաւաքական, համայնքային, իմա՛ ազգային առումով: Տուեալ երկիրներուն մէջ մեզի չեն զլացուած համայնքային իրաւունքներ` դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, մշակութային տուներ, աւելի՛ն` քաղաքական իրաւունքներ, հուսկ` ազգային ինքնութեան պահպանման բանալի կռուաններ, որոնք անշուշտ միշտ ալ բացայայտօրէն քննադատուած, դատապարտուած եւ մերժուած են ու կը մերժուին ծայրայեղ աջի շրջանակներուն կողմէ: Կը պատկերացուի՞ պահ մը, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կրնան ունենալ ուրեմն, եթէ անոնք յանկարծ հասնին իշխանութեան: Արդ, Ինչպէ՞ս նման հոսանքի համակրիլ: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ հաւատալու, որ անոնք հայրենասէր են, ինչպէս կը դաւանին ամէն քայլափոխի: Մենք ալ հայրենասէր ենք ու եղած ենք միշտ, եւ զօրավիգ` հայրենասիրութեան: Բայց երբեք` ցեղապաշտութեան: Անոնք ցեղապաշտ են, ոչ` հայրենասէր: Մեծ է, շատ մեծ` տարբերութիւնը: Անոնք ներքուստ կը մերժեն բոլո՛ր «օտար»-ները հաւասարապէս, առանց ազգային, կրօնական թէ այլ խտրութեան: Ու մանաւանդ պէտք չէ տարուիլ անոնց հիւսած «դուք ուրիշ էք»-ի սինիք ու խաբուսիկ հեքիաթներով, որուն միակ նպատակը քուէի որսն է …

***

Հաւանաբար առարկուի, թէ այս ամէնը ի՛նչ կապ ունի Հայ Դատի կամ հայ քաղաքական միտքին հետ:
Ունի՛: Անկախ` համայնքային մեր հաւաքական շահերէն, զորս նշեցի վերեւ, Հայ Դատը, որուն ի խնդիր անշահախնդրօրէն գործեր են իրերայաջորդ սերունդներ, եւ նոյն համոզումով կը շարունակեն գործել այսօր եւս նորերը, համամարդկային խնդիր է, համամարդկային արժէք է, զոհ է նոյնինքն ցեղապաշտութեան, հետեւաբար եւ բնականաբար ոգի ի բռին դէմ է ցեղապաշտական որեւէ երեւոյթի ու կը մերժէ զայն ըստ էութեան եւ ըստ ամենայնի: Եւ որովհետեւ ընտրութիւններու տրամաբանութեան մէջ մենք կը մեկնինք Հայ Դատի շահերէն, հայ անհատը թէ հաւաքական հայը, առաջին հերթին բարոյական, ապա նաեւ քաղաքական իրաւունքը չունի ազգային մեր շահերուն հակասող որեւէ ուղեգիծ որդեգրելու, իսկ ծայրայեղ աջի քաղաքական տրամաբանութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը հակոտնեայ են հայ քաղաքական միտքին: Հետեւաբար պէտք է հրաժարիլ վտանգաւոր այս նախընթացքէն, լրջանալ եւ առաւել քաղաքական հասունութիւն ցուցաբերել, իսկ համայնքները առաջնորդող քաղաքական մարմիններուն եւ շրջանակներուն կը մնայ շատ աւելի լայն աշխատանք ծաւալել` ամէն առումով հունաւորելու եւ դարմանելու այս եւ ընդհանրապէս նմանօրինակ վտանգաւոր սայթաքումներ, որոնք այլապէս կրնան յանգիլ քաղաքական անկանխատեսելի հետեւանքներու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.