Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) կողմէ Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղուած հրատապ հարցադրման ի պատասխան` Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական յանձնաժողովի անունով դատապարտած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարի ռմբակոծումը:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆուրլասի կողմէ ուղղուած հրատապ հարցումին մէջ կը նշուէր, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, խախտելով պատերազմի միջազգային օրէնքները, 8 հոկտեմբեր 2020-ին թիրախաւորած եւ հարուածներ հասցուցած են Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարին: Եւրոպացի երեսփոխանը Եւրոպական յանձնաժողովին կը հարցնէ, թէ արդեօք վերջինս կը նախատեսէ՞ քայլերու ձեռնարկել Արցախի «քաղաքային բնակչութիւնը եւ կրօնական պաշտամունքային վայրերը պաշտպանելու ուղղութեամբ»:

Ի պատասխան անոր, Եւրոպական յանձնաժողովը կը յայտնէ, թէ խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի կրօնական ու պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը եւ կ՛ընդգծէ մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման կարեւորութիւնը:

Իր պատասխանին մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը նաեւ կը յիշատակէ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2347 (2017) բանաձեւը, որ կը սահմանէ կրօնական, ուսումնական եւ մշակութային կեդրոններու թիրախաւորումը իբրեւ զինուորական յանցագործութիւն:

Եւրոպական յանձնաժողովը կ՛ողջունէ նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի նախաձեռնած առաքելութիւնը դէպի ներկայիս ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի շրջաններ: Այս առաքելութիւնը ուղղուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան նախնական փաստագրական գնահատման: Առաքելութիւնը նաեւ պիտի աջակցի հայկական մշակութային վայրերու պահպանման ու վերականգնման:

Մեկնաբանելով գրաւոր հարցումին պատասխանը` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Ազրպէյճան պէտք է ամբողջովին պատասխանատուութիւն կրէ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք կատարած զարհուրելի զինուորական յանցագործութիւններուն համար: Անոնց շարքին են Արցախի քաղաքային բնակավայրերը եւ կրօնական ժառանգութիւնը, ներառեալ Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարը թիրախաւորելը: Միջազգային ընտանիքը եւ պատկան կազմակերպութիւնները պէտք է հետեւողականօրէն հետամուտ ըլլան Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ իրականացուի յաւելեալ մշակութային ցեղասպանութիւն մը, ինչպիսին 2006 թուականին ազրպէյճանական իշխանութիւններուն նախաձեռնած Նախիջեւանի հազարաւոր հայկական միջնադարեան խաչքարերու ոչնչացումն էր: Արցախի մէջ պատմական հայկական ներկայութեան աղաւաղման որեւէ փորձ պէտք է կանխարգիլուի եւ խստօրէն դատապարտուի»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.