Եւ՝ հայերէ՛նը ամեն բանէ վեր

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայութեան ինքնանորոգման ներկայ փուլին,– եթէ արդէն հասած ենք այդ փուլին ու իրապէս առկայ է ինքնանորոգման պահանջքը,– ամեն կողմէ ցայտող կոչերուն եւ բաղձանքներուն տարափին մէջ՝ շատ իրաւացի ու արդար պահանջքով արտայայտուեցաւ նաեւ Ռուբէն Յովակիմեանը՝ մեր լեզուի ու մեր տեսակի գոյութեամբ մտահոգ ազգային մը, բաց նամակով մը՝ ուղղուած ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի երեք նախարարներուն։

Այդ նամակի պատճէնը ան յղած է նաեւ իր կարգ մը նամակակիցներուն եւ ծանօթներուն, որոնք նոյնպէս մտահոգ են մեր լեզուի, բնականաբար նաեւ մեր ազգի ճակատագրով։

Նախ քան այդ նամակին անդրադառնալս, կ՚ուզեմ աւելի համապարփակ հայեացք մը նետել հայերէնի կարեւորութեան վրայ։

Ինչո՞ւ այդքան կը յամառինք պահելու մեր լեզուն, մանաւանդ՝ անաղա՛րտ պահելու։ Այստեղ անմիջապէս ըսեմ, որ անաղարտ պահել չի նշանակեր զայն մեկուսացնել, փակել դուռը այլ լեզուներէ փոխառութիւններու առջեւ, ի հարկին, նոր հասկացութիւններ, նորաստեղծ առարկաներ կամ դրոյթներ արտայայտելու համար, մինչեւ անոնց հայերէնացումը եւ առանց խաթարելու հայերէնին կառոյցն ու էութիւնը։ Լեզուները կը հարստանան փոխադարձ պատուաստումներով, մեր լեզուն ալ չի կրնար տարբեր ըլլալ, սակայն այդ արդէն ուրիշ հարց է։

Այո՛, իսկապէս ինչո՞ւ ամե՛ն գնով հայերէն։

Առաջին հերթին կայ ազգային հպարտութեան հարց մը, որ ոչ միայն մեր լեզուին կը վերաբերի, այլ ընդհանրապէս մեր իբր ինքնուրոյն ազգ գոյատեւման։ Եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլար հայերէնը, եթէ կարգ մը այլ ժողովուրդներու նման մենք ալ փոխառեալ լեզուով մը խօսած, մեր գրականութիւնն ու մշակոյթը զարգացուցած, մեր պատմութիւնը գրած, մեր Աստծոյն աղօթած ըլլայինք, այն ատեն հպարտութեան այս հարցը գոյութիւն չէր ունենար, չէր կրնար գոյութիւն ունենալ։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ դարերու խորքերէն մեզի հասած, նոյնիսկ օժտուած սեփական այբուբենով (որ քիչերուն մենաշնորհն է)՝ ունինք անզուգական, ոսկեղինի՛կ լեզու մը, զոր գործածելը, մշակելն ու յաջորդ սերունդին փոխանցելը իրապէ՛ս նուաճումի եւ հպարտութեան երաշխիք է, իսկ աղճատելը, նսեմացնելն ու կորսնցնելը՝ պարտութեան եւ ամօթի։ Պարտութիւն եւ ամօթ ոչ միայն հայութեան համար, այլ մարդկութեա՛ն, որուն քաղաքակրթական հարստութիւններէն մէկն է, որ կրնայ կորսուիլ. կորսուիլ՝ զայն պահելու, պահպանելու եւ ապրեցնելու առաքելութիւնը ունեցող ազգին իսկ թերացումին հետեւանքով։

Սեփական լեզու եւ սեփական այբուբեն ունենալը մեր գոյութեան թիւ մէկ ցուցիչն է եւ կռուանը, համազօր՝ սեփական հայրենիք ունենալուն, թերեւս նաեւ անկէ ալ աւելի, ինչպէս մեր պատմութիւնը ցոյց է տուած։ Հրաժարելով անոնցմէ, կորսնցնելով զանոնք, ամենէն առաջ մեր ինքնութիւնն է, որ կը կորսնցնենք, որքան ալ հայերէն չգիտցող շատ հայեր, յարգելի՛ հայեր, հա՛յ են, իրենքզիրենք հայ կը համարեն։ Սակայն ընդունինք, որ առանց լեզուին չենք կրնար ամբողջակա՛ն հայ ըլլալ, թող ներուի ինծի պնդել՝ իսկակա՛ն հայ ըլլալ։ Չենք կրնար կրել մեր հազարամեակներու հարստութիւնը, պատմութիւնը։ Եթէ կը մեղանչեմ՝ մեղքը վզիս։ Այո՛, կ՚ընդունիմ, լաւ հայերէն գիտցողներ ալ կան, որ վերջին հաշուով… հայութեան հետ կապ չունին։

Ուրեմն, առանց հայերէնի մենք մեր էութենէն կը պարպուինք։

Եւ ճիշտ ա՛յդ է, որ տեղի կ՚ունենայ հետզհետէ, երբ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ մենք մեր լեզուէն կը հեռանանք, կ՚օտարուինք, կ՚աղճատենք զայն, կը չարչարենք, կը նահատակենք։ Վկայ՝ մեր խօսած ու գրած հայերէնը, մեր գրաւոր ու բանաւոր մամուլը, մեր ձեռնարկները եւ… կրկնակի չարիք՝ Երեւանի փողոցները։ Խօսքս կը վերաբերի արեւմտահայերէնին թէ արեւելահայերէնին։

Սփիւռքի մէջ հայերէն գիտնալը հաւանաբար որոշ առաւելութիւն մը կը ներկայացնէ, բայց… նախապայման չէ։ Մեր վարժարանները,– որքա՜ն անբաւարար՝ մեր թիւին համեմատ,– չեն յաջողիր մաքուր հայերէնը մեր մանուկներուն ու պատանիներուն առօրեայ հաղորդակցութեան լեզուն դարձնելու՝ ամենէն պարզ խօսակցութեանց իսկ մէջ, ու մանաւանդ խելախօսներով հեռահաղորդակցութեան մէջ, ուր հայերէնը բացակայ է բոլորովին։ Եւ ասիկա՝ յաճախ նաեւ չափահասներու պարագային… Իսկ հայրենիքի մէջ օտարամուտ բառերն ու բառակապակցութիւնները ամեն օր քիչ մը աւելի կը թունաւորեն, կը հիւանդացնեն մեր լեզուն, քիչ մը աւելի անհասկնալի կը դարձնեն մեզի համար, որքան ալ մեզի ծանօթ լեզուներէ սողոսկած ըլլան անոնք հոն, ինչպէս օրինակ՝ իմ վերջերս հանդիպած «գեներացնել»-ը, փոխան «ընդհանրացնել»-ու, որ անգլերէն generalize կամ ֆրանսերէն généraliser բառերէն առնուած պիտի ըլլայ։ Ոճի՛ր մըն է ասիկա, նոյնիսկ եթէ մեզի սիրելի անձերու կողմէ կը կատարուի շատ անգամ։

Տեղ մը գիծ մը պէտք է քաշուի. թումբ մը բարձրացուի այս անհարկի, ահաւոր, թունաւոր ալիքին դէմ։ Ի՛նչ խօսք, մեր օտարամոլութիւնն ալ նորութիւն չէ, սակայն անոր կողքին դեր կը խաղան նաեւ մտային ծուլութիւնը, տգիտութիւնը, անփութութիւնը եւ մասամբ նորին։

Միւս կողմէ, ի՜նչ հաճոյք էր վերջերս լսել մեծ արուեստագիտուհի, երգչուհի, բայց մանաւանդ մտաւորական հայուհիի մը՝ Յասմիկ Պապեանի հայերէնը, երբ, պատասխանելով հայրենի Կենտրոն հեռատեսիլի լրագրողուհիի հարցումներուն (Հայելու մէջ, 2018-08-05), ոչ միայն գեղեցիկ շարահիւսութեամբ կը խօսէր, այլեւ այդ վերջինին գործածած իւրաքանչիւր օտար բառի հայերէնը կը զետեղէր իր պատասխաններուն մէջ, փափկանկատութեամբ՝ անզգալի բայց նաեւ հետեւողականօրէն յիշեցնելով որ օտար եզրը գործածելու կարիքը չկայ…

Եւ ահա կու գամ ճարտարագէտ, գրող ու հրապարակագիր, տերսիմցի ծնողքի զաւակ՝ Թիֆլիս ծնած, Հայաստան ուսանած ու գործած, օրին այլախոհ, այժմ ֆրանսաբնակ, դասական ուղղագրութեան ջերմ պաշտպան Ռուբէն Յովակիմեանի նամակին (երեք նախարարներուն ուղղուած), որմէ հատուածներ կը ներկայացնեմ առանց մեկնաբանութեան, անոնց ներքեւ առանց վարանումի իմ ալ ստորագրութիւնս աւելցնելու պատրաստակամութեամբ։

Այո՛, յարգելինե՛ր:

Անփութութեան ու կատարեալ անտարբերութեան հետեւանքով հսկայական կորուստներ ենք ունեցել մշակոյթի եւ ազգային արուեստի բարոյական նկարագրի բնագաւառներում: Առաջին հերթին կարելի է նշել մեր հիասքանչ մայրենին, որի մասին ձեզ աւելի փաստարկելու կարիք չկայ, քանի բոլորդ բանասիրական գիտելիքներով յագեցած էք, միայն թէ երբեմն չէք նկատում կամ վարժութեան պատճառով կարեւորութեան չէք արժանացնում: Դուք ներկայ էք լինում ըստ պաշտօնի եւ ստոյգ վկաներն էք, թէ ի՛նչ լեզուասպանութիւն է կատարւում ազգային ժողովի ամբիոնից խօսք առնողների մեծամասնութեան ելոյթներում:

Ո՞վ է թոյլ տուել երկրի գործադիրի փոխնախագահին իր հետ բազմաթիւ պատգամաւորներով մէկտեղ արտայայտուել շուկայական հայերէնով:

Աշխարհասփիւռ հայերից նրանք, որոնք հայկական դպրոց են յաճախել, չեն կարողանում մարսել հայերէնի այն տեսակը, որ մեզ են մատուցում մեզ հասանելի հայրենի հեռատեսիլային ալիքները: Ո՞վ է իրաւունք տուել Կենտրոն կայանի հիմնական հարցազրոյցները վարողներին՝ այր թէ կին, իրենց յաճախ հետաքրքիր նիւթերը մատուցել կատարեալ «Ա»-յախօսութեամբ։ Ո՞վ կամ ե՞րբ պիտի գտնուի մէկը՝ նրանց յիշեցնելու, թէ մեր պետական լեզուն գրական հայերէնն է եւ պաշտպանուած է օրէնքով: Ձանձրալի չլինելու համար միայն ասեմ, որ նման օրինակները անսահման են ամեն օր, ամեն ժամ եւ բոլոր բնագաւառներում՝ ամենուրեք: Անելիք շատ գործ կայ, ո՞ւմ բերանը կարելի է փակել առանց վնասի:

Յաջորդ խնդիրը, որ ձեր ուշադրութեան կ’ուզեմ արժանացնել երկու հայերէնի եւ երկու ուղղագրութեան համակեցութիւնն է:

Հռետորաբանութիւնից դուրս ելլելու համար եւ եթէ իրականում ցանկանում ենք սփիւռքհայրենիք կապը լինի առողջ եւ հաւասար փոխըմբռնման մակարդակի, ապա անհրաժեշտ է, որ վերը նշուած նախարարութիւնները ձեռնարկեն լուրջ հանդիպում մը հայրենի եւ արտերկրի լեզուի մասնագէտների, որ ատենին տեղի չունեցաւ աբեղեանական փոփոխութիւնների ընթացքին, ապա սեղանին դնեն եւ քննարկեն ԱԶԳԱՅԻՆ միակ եւ մատչելի նոր գրելաձեւ ունենալու գաղափարը՝ նպատակ ունենալով պարզեցնել դասականը եւ լրացնել ներկայ հայաստանեանը, անշուշտ միշտ հարազատ մնալով մեսրոպեան սկզբունքներին: Գաղտնիք չէ, որ այդպիսի մի քայլ անելու համար պէտք կը լինի պատնէշներ գրոհել եւ յամառօրէն պայքարել, բայց դժուարութիւնները միշտ յաղթահարելի են:

Այստեղ աւելցնեմ, որ եթէ լեզուի մաքրումին պարագային հայրենիքն ու սփիւռքը առանձին աշխատանք ունին տանելիք՝ իւրաքանչիւրը իր մեղքը կամ մեղքերը քաւելու համար, միասնական ուղղագրութեան հարցը միասնական լուծում կը պահանջէ, ինչպէս կը գրէ ինքը՝ նամակագիրն ալ։

Այո՛, եօթ տասնամեակներու բոլշեւիկեան վարչակարգի մնացորդացի ա՛յս մէկ երեսէն, այսինքն՝ հայութեան երկու հատուածներու խզումէն ձերբազատուելու համար ալ միասնական կամք ու ճիգ է պէտք, յեղափոխակա՛ն մօտեցում է պէտք։

Սոյն յօդուածը թող համարուի նախորդ յօդուածաշարքիս Հայրենիք-Սփիւռք՝ նոր փուլի մը սկիզբը») վերջին՝ հինգերորդ օղակը, ամբողջացնելով զայն։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.