Երիտասարդութիւնը է՛ ու կը մնայ ազգային գործի շարունակականութեան ու ՀՅԴ երիտասարդացման հիմնական ուժը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գևորգեանի խոսքը՝ ներկայացուած ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովի մեկնարկին.

«Սիրելի՛ ներկաներ եւ ընկերներ՝

Հ Յ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի անքակտելի մասնիկն է ՀՅԴ երիտասարդականը:

ՀՅԴ Երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները կը գործեն աւելի քան 30 Երկիրներու մէջ եւ կը հաշուեն աւելի քան 10 000 անդամ:

Կարելի է անվարան հաստատել թէ ՀՅԴ Երիտասարդականը հայկական աշխարհի ամենատարածուն եւ ամենաբազմանդամ երիտասարդական քաղաքական կազմակերպութիւնն է:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ը որպէս հայրենիքի երիտասարդական մեր միութիւնը, իր ուրոյն ռազմավարական նշանակութիւնը ունի այս համակարգին մէջ:

ՀԵՄ-ի շարքերուն մէջ է, որ պիտի դաստիարակուի Հայաստանի ՀՅԴ կառոյցին յառաջադէմ, գաղափարական, քաղաքականացած եւ կարգապահ երիտասարդութիւնը:

Մենք կը հաւատանք, որ երիտասարդութիւնը է՛ ու կը մնայ ազգային գործի շարունակականութեան ու Դաշնակցութեան մնայուն երիտասարդացման գործընթացի հիմնական ուժը։

Երիտասարդութիւնը հիմնական կռուանն է, որուն վրայ հիմնուելով կարելի պիտի ըլլայ փոփոխութիւններ յառաջացնել, նորութիւններ բերել կազմակերպական եւ հաւաքական մեր կեանքէն ներս։

Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ անհրաժեշտութիւնը զգացած է, իր երիտասարդութեան ինքնակազմակերպման լայն կարելիութիւններ տալու, որպէսզի ան դառնան ինքնիշխան միաւոր, ուր պիտի թրծուին մեր երիտասարդները բառին ամբողջական առումով` իրենց ընտրեալ վարչութիւններով, իրենց գործունէութեամբ բայց մանաւանդ իրենց յատուկ երիտասարդական խանդով ու յանդգնութեամբ:

Այս հաւաքը լաւագոյն փաստն է, որ այս ժողովը այդ իրականութեան՝ խոր քննարկումներու, առողջ բանավէճերու, առարկայական ինքնաքննադատութեան, խիզախ եւ իմաստուն որոշումներ առնելու ժամադրավայրն է:

Ցաւով կ՛արձանագրենք թէ գաղափարական եւ քաղաքականցած երիտաասարդութիւնը փոքր համեմատութիւն մըն է մեր շուրջ գտնուող ամբոխային տրամաբանութեամբ առաջնորդուող եւ ապաքաղաքականացած երիտասարդութեան:

Համաշխարհայնացման այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ կան բազմաթիւ հոսանքներ ու շարժումներ, որոնք կը սպառնան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, զանոնք հեռու պահելով գաղափարական, քաղաքական ոլորտէն եւ նետելով այնպիսի օրակարգերու մէջ, որոնք չեն նպաստեր մանաւանդ մեզի նման տակաւին բազում նպատակներ հետապնդող եւ հիմնախնդիրներ ունեցող ազգի մը:

Ներհայկական առումով՝ այսօր Հայաստանի իրավիճակը կը յատկանշուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ի յայտ եկող բազմաթիւ զարգացումներով եւ մարտահրաւէրներով:

Աշխարհասփիւռ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւնները յանձնառու են՝ հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութեան համակարգային փոփոխութիւններու ճամբով կերտման գործին:

Այս ծիրէն ներս Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւնները եւ յատկապէս ՀԵՄը՝ մերժելով ու պայքարելով հանդերձ այսօր ներքաղաքական իրավիճակը յատկանշող անընդունելի երեւոյթներուն դէմ, ազգային բնոյթի գործունէութեան կողքին շեշտը կը դնեն եւ պիտի շարունակեն առաւել թափով դնել ընկերվարական բնոյթի ծրագիրներուն, ընկերային արդարութեան, բնապահպանական եւ այլ ընկերա-տնտեսական բնոյթի կառուցողական նախաձեռնութիւններու վրայ:

Սիրելի ընկերներ՝

Կարեւոր է ամրացնել երիտասարդ-ժողովուրդ կապը, մօտէն հետեւիլ ժողովուրդին դժգոհութեան պատճառներուն եւ մասնաւորապէս աղքատ ու բանուոր դասակարգին եւ գիւղացիին հարցերուն: Այսօր Դաշնակցական երիտասարդութիւնը պէտք է ըլլայ պայքարի առաջնագիծին վրայ` յանուն երիտասադութեան եւ ուսանողութեան իրաւունքներու եւ առհասարակ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

2019ին ՀԵՄի կողմէ կազմակերպուած համահարթ եկամտայարկի դէմ ահազանգ արշաւը եւ հայ լեզուի ու հայոց պատմութեան պարտադիր դասաւանդման պահանջի շարժումը լաւագոյն դրսեւորումներն էին այս սկզբունքներուն: Այդ օրերուն հակադաշնակցան պայքարի որպէս հակադարձութիւն այն ուժեղ զօրակցութեան ալիքը, որ բարձրացուցին աւելի քան 20 երկիրներու երիտասարդական եւ ուսանողական մեր միութիւնները՝ լաւագոյն վկան են աշխարհասփիւռ մեր ուժին եւ միասնականութեան:

ՀՅԴ Երիտարադութիւնը կը հաւատայ նաեւ թէ Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթական աւարտը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ հայութեան իտէալներու իրականացման նախապայմանն է: Ներկայիս մտահոգութիւններ ունինք արցախեան հիմնահարցին գծով զարգացող գործընթացերուն: Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը կը մերժէ որեւէ տարածքային զիջում ենթադրական անվտանգութեան փոխարէն եւ իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ Արցախեան պայքարի յառաջընթացի բոլոր ոլորտներէն ներս:

Թրքական պետութեան կողմէ մեր արդար իրաւունքներու հատուցման հարցը պիտի շարունակէ նաեւ իշխող մնալ մեր օրակարգին վրայ: ՀՅԴ աշխարհասփիւր միութիւնները պիտի մղեն հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի Արեւմտահայաստանը ոչ միայն մեր պատմական հայրենիքը համարէ, այլեւ գրաւուած հայրենիքը, որուն ազատագրման նկատմամբ հաւատքը պիտի մնայ աներեր: Այս շրջագիծէն ներս կարեւոր վերաբերմունքի պէտք է արժանանայ 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագրին եւ ԱՄՆի նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճռին հարիւրամեակի նշումը 2020-ին:

Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միաւորները յանձնառու են հայակերտման միտուած ճիգերով՝ նպաստելու Սփիւռքի համայնքներու հզօրացման: Սփիւռքի եւ ինչու ոչ Հայաստանի Երիտասարդութեան կողմէ ի գործ պէտք է դրուին ջանքեր, որպէսզի Սփիւռքի վերակենսաւորման օրակարգը դառնայ տիրական համազգային առումով: Որպէս համահայկական կազմակերպութեան մաս կազմող միութիւն՝ ՀԵՄի ուսերուն դրուած է   նաեւ հայրենի եւ սփիւռքի երիտասարդութեան մերձեցման պարտականութիւնը:

Սիրելի երիտասարդներ՝ միայն առողջ երկխօսութեամբ եւ համախոհութեան մթնոլորտի մէջ հնարաւոր է ձեւաւորել միասնական օրակարգ եւ մէկտեղել համայն հայութեան ուժերը՝ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու եւ մեր համազգային նպատակները իրականացնելու համար։

Վերջապէս, մենք պէտք է հասկնանք, որ հայրենիքի կայունութիւնը,անվտանգութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, առողջ քաղաքական համակարգի կայացումը եւ միասնականութիւնը երիտասարդութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար պէտք է հանդիսանան  մեր հիմնական սկզբունքները:

ՀՅԴ Երիտասարդականի եւ այլ հայկական քաղաքական հասարակական երիտասարդական կազմակերպութիւններու միջեւ, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ պէտք է կարելի ըլլայ, ամբոխավարական, փոփուլիստական մօտեցումներէ հեռու, առողջ բանավէճ զարգացնել քննարկելու  համազգային տագնապները, ներքաղաքական ամէնէն կնճռոտ խնդիրները եւ մշակելու միացեալ նախաձեռնութիւններու ծրագիրները:

Հայ Երիտասարդութիւնը պատասխանատու է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին, ինքն է որ պիտի ճշդէ թէ ինչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզէ եւ դէպի ո՛ւր կ՛ուզէ տանիլ զայն:

Այս ժողովը անհամար քայլերէն մէկն է՝ այդ երկար, դժուար բայց դէպի պայծառ ապագայ տանող յուսատու ճանապարհին:

Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.