Երեք Սահմանամերձ Մարզերու Բնակչութեան Թիւը Վերջին Տարիներուն Նուազած Է Շուրջ 40 Հազարով

Վերջին 5 տարիներուն, Հայաստանի երեք սահմանամերձ մարզերուն` Գեղարքունիքի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի բնակչութեան թիւը նուազած է շուրջ 40 հազարով: Կը դատարկուին թէ՛ գիւղերը եւ թէ քաղաքները։ Այս մասին կը հաստատէ վիճակագրական կոմիտէի ամէնէն թարմ զեկոյցը:

Հիասթափութիւն, ապագայի հանդէպ վստահութեան պակաս, ապահովական, եւ ընկերային հարցեր…  Դատարկուող բնակավայրերուն մէջ այսպէս կը բացատրեն տուներէն հեռանալու՝ իրենց ծանօթ-բարեկամներուն որոշումները:

«Շատ մարդիկ հիասթափուեցին պատերազմից յետոյ ու գնացին», կ՛ըսեն բնակիչները՝ աւելցնելով. «Օրական պակասում է»:

Ըստ Վիճակագրական կոմիտէին տուեալներուն` 2019ի ամրան, Գեղարքունիքի մէջ կ՛ապրէին շուրջ 230 հազար անձեր: Համաճարակը, 44օրեայ պատերազմը եւ անկէ ետք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային բախումները իրենց հետքը ձգեցին, եւ մարզի բնակչութիւնը նուազեցաւ 13 հազարով:

Սեւանի մէջ տեղացիները նկատել կու տան, որ երիտասարդներէն շատերը հիմնականօրէն Երեւան կ՛ապրին: «Որովհետեւ այստեղ` Սեւանում, այդքան աշխատատեղ չկայ, մի պետական ձեռնարկութիւն չկայ»:

Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան՝ Գեղարքունիքը Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզերէն է. ամէն երրորդը չքաւորութեան մէջ կ՛ապրի, ծայրայեղ աղքատներուն թիւին գծով ամէնէն վատ ցուցանիշը ունեցող մարզն է: Բնակչութեան գրեթէ 5 տոկոսը կարողութիւնը չունի նոյնիսկ օրական 1000 դրամ ծախսելու: Աշխատանք գտնելու պարագային, մարզի բնակիչները Հայաստանի ամէնէն ցած աշխատավարձը կը ստանան` հարկերը հանած՝ միջինը շուրջ 100 հազար դրամ, մինչդեռ համապետական միջին ցուցանիշը կը գերազանցէ 200 հազար դրամը:

«Փող չկայ, աղքատութիւն է, շատանում է, որովհետեւ ոչ մէկին տիրութիւն չի անում ղեկավարութիւնը», ըսաւ այլ բնակիչ մը:

2019ին, Սիւնիքի մէջ կ՛ապրէին գրեթէ 140 հազար անձեր, այժմ բնակչութիւնը 120 հազարի ալ չի հասնիր:

Դատարկուող բնակավայրերուն մէջ կը պատմեն, որ գիւղերուն մէջ աշխատանք չկայ, իսկ սահմանային բախումները վիճակը առաւել կը ծանրացնեն՝ իրենք արօտավայրերէն զրկուած են:

Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան՝ Սիւնիքը ամէնէն ապահով մարզն է. անիկա կը գերազանցէ նաեւ Երեւանը: Սակայն բարձր ցուցանիշները հիմնականին մէջ մեծ քաղաքներու գործարանները կ՛ապահովեն, օրինակ` Զանգեզուրի պղինձի գործարանը:

«Երիտասարդութիւնը աշխատանք փնտռելու համար տեղափոխւում է Քաջարան, Կապան, Երեւան, ով որտեղ կարում է», ըսին տեղացիները։

Այս մարզերու բնակչութիւնը կը նուազի սահմանամերձ շրջաններ տեղափոխուելու իշխանութիւններու ծրագիրներու լոյսին տակ. տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ մարզերուն մէջ հաստատելու ծրագիրին զուգահեռ գործադիրը աշխոյժ կերպով կը գովազդէ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ տուներ կառուցելու ծրագիրը, սակայն, Գեղարքունիքի ու Սիւնիքի բնակչութեան վիճակագրութիւնը կը վկայէ, որ ծրագիրները առայժմ քաղաքացիներուն վստահութիւն չեն ներշնչեր:

Comments are closed.