Երեւան Եւ Եւրոպական Միութիւնը Կը Բանակցին «Նոր Գործընկերութեան Օրակարգ»ին Շուրջ. Միրզոյեան
Ֆինլանտական «Lännen Media» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեղեկացուց, որ Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւնը բանակցութիւններ կը վարեն «Նոր գործընկերութեան օրակարգ» կոչուող փաստաթուղթին շուրջ, զոր բնութագրեց՝ իբրեւ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներ ընդգրկող համապարփակ փաստաթուղթ մը:
Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան «համագործակցութեան յաւակնոտ օրակարգ» կը հետապնդէ Ֆինլանտայի եւ Եւրոպական Միութեան հետ: «Դուք գիտէք մեր քաղաքականութիւնը, որը նպատակ ունի Հայաստանին աւելի ու աւելի մօտեցնել Եւրոպական միութեանը», ըսաւ Միրզոյեան, ըստ որուն, Հայաստան ներկայիս կը կիրարկէ քաղաքականութիւն մը, որ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու էական խորացման։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ հետ ռազմական դաշինքը որքանո՞վ համատեղելի է Եւրոպական նպատակներուն հետ՝ Միրզոյեան յիշեցուց, որ պաշտօնական առումով Երեւան մաս կը կազմէ ՀԱՊԿին, բայց յայտարարած է, որ սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը կազմակերպութեան գործունէութեան:
«Մենք կարծում էինք, որ այս կազմակերպութիւնը կ՛օգնի մեզ պաշտպանել մեր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ցաւօք, վերջին տարիներին մենք ականատես ենք եղել մի քանի յարձակումների եւ խախտուել են մեր միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները: Երբ դա տեղի է ունեցել, մենք երբեք իրական աջակցութիւն չենք ստացել: Այդպիսի պարտաւորութիւններ ունեցող դաշնակիցները պէտք է օգնեն միմեանց, ռազմական դաշինքի իմաստը հէնց դա է։ Այս անտարբեր վերաբերմունքը յանգեցրեց հսկայական հիասթափութեան», բացատրեց Միրզոյեան:
Comments are closed.