Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Վաչէ Բրուտեանի Երկիրը Արտերկրէն» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յունիս 22-ին, Երեւանի պետական համալսրանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, ճանչցուած մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի նոր գիրքի` «Երկիրը Արտերկրէն» խորագրով յօդուածներու ժողովածուի շնորհահանդէսը:

Այս գիրքը շատերու համար ուղենիշ մըն է: Բրուտեանի յօդուածներու առանցքը եղած է հայրենիքը, կիզակէտը` Հայաստանը: Բոլոր յօդուածներոն մէջ ներկայ է Հայաստանը իր վերիվայրումներով, ձեռքբերումներով եւ բացթողումներով:
«Վաչէ Բրուտեանն այն քիչ գրողներից է, որն ինչպէս ապրել է, այնպէս գրել է: Շատ-շատերը գրում են տպաւորութիւն թողնելու համար, բայց իրենց կեանքը ճիշտ հակադրութիւն է իրենց գրածի ու ասածի միջեւ: Բրուտեանը այդ հազուադէպ մտաւորականներից է, որ երբեք չէք լսի նրանից մի խօսք, որը իր ապրած կեանքի նման չլինի: Իր յօդուածները մեզ ասում են, որ իշխանաւորներն ու իշխանութիւններն անցօղիկ են, հայրենիքն է մնայուն», ըսաւ «Համազգային»_ի Երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը:

Հ.Յ.Դ.-ի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագիր Արտաշէս Շահպազեանն ալ նշեց, որ Վաչէ Բրուտեանը, մնալով Հայաստանէն հեռու, կ՛ապրի Հայաստանի մէջ:

«Ընկեր Վաչէն Ամերիկայից ովկիանոսը կտրել ուանցել, եկել է Հայաստան` գիրքն այստեղ տպագրելու համար: Սա պարզ ցանկութեան արդիւնք չէ․ գիրքը հէնց Հայաստանի մասին է: Այստեղ նրա մօտաւորապէս 20 տարուայ քաղաքական, գաղափարական մտքի արգասիքն է»,- ըսաւ Շահպազեանը:

«Գանձասար»-ի նախկին խմբագիր Մարի Մերդխանեանի խօսքով` այս ժողովածուն ժամանակագրութիւն է, այսինքն մեր վերջին տարիներու պատմութեան օրագիրը:

«Ինքնատիպ ժամանակագրութիւն է, որովհետեւ արծարծուած բազմաթիւ նիւթերը ներկայացուած են յատուկ դիտանկիւնից` գաղափարական բովով անցած եւ այդ գաղափարներով լաւ կոփուած, դաշնակցական հայի աչքերով»,- ըսաւ Մարի Մերտխանեանը:

Դեռ ուսանող տարիներէն սկսելով ուսուցչական գործունէութիւնը` Բրուտեան 1977-ին մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի մամլոյ դիւանին: Իր` օրաթերթային մամուլի առաջին յօդուածը կը հրատարակուի «Ազդակ»-ի մէջ եւ ապա ան կը ստանձնէ «Հայրենիք»-ի եւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»-ի խմբագիրի պաշտօնը:

«Բրուտեանը ինչպէս խոստովանում է իր կենսագրականում` գտած էի տարերքս ու սէրս` մամուլը: Իսկ ես կ՚աւելացնեմ, որ մամուլն էլ գտել է նրան` հրապարակախօսական բացառիկ հմտութիւններով, սուր աչքով, տաղանդաւոր ու դիպուկ գրչով Վաչէ Բրուտեանին», յայտնեց
Երեւանի Պետական Համալսարանի արեւելագիտութեան հիմնարկի դասախօս՝ թրքագէտ Լուսինէ Սահակեան:

Ան նշեց, որ թէեւ վերնագրուած է «երկիրը Արտերկրէն», իրականութեան մէջ, ընթերցելէ ետք ակնյայտ կը դառնայ, որ հեղինակը, ապրելով արտերկրի մէջ, երբեք բաց չէ թողած հայրենիքի զարկերակը եւ ճիշտ ժամանակին արձագանգած է հրատապ խնդիրներուն:

Վաչէ Բրուտեան խօսք առնելով տեղեկացուց, թէ հարազատներն ու ընկերները ստիպած են միտքերը յանձնել թուղթին:

«Կինս, քոյրս եւ շատ ուրիշներ ստիպեցին ինձ, որ այսքան բան գրել ես, ինչո՞ւ գրքում չես հաւաքում: Այնքան ասացին, մինչեւ այսօր իրականութիւն դարձաւ: Գիրքը ձօն է մեր նահատակներին: Ես մամուլ մուտք եմ գործել 1977 թուականին: Մաս կազմեցի Դաշնակցութեան մամլոյ դիւանին: Այնտեղ ես կազմաւորուեցի, այնտեղ լեզուս գտայ, որ ինչ լեզուով խօսեմ ընկերներիս, ընթերցողներիս հետ, եւ այդտեղ ինձ օգնեց մամլոյ դիւանում աշխատող ընկերս»․ ըսաւ Բրուտեան, եզրակացնելով, թէ գործը չէ աւարտած եւ շատ ըսելիք, գրելիք ու խօսելիք կայ:

Վերջերս, ընտրարշաւի վերջին օրերուն, Բրուտեան հաստատած էր, թէ
«Բոլոր ժողովուրդներուն պէս մեր ժողովուրդին մէջ ալ կան դիւրահաւան խաւեր, որոնք դիւրին կը խաբուին, եւ որոնց միակ մտահոգութիւնը իրենց նեղ, անմիջական, անձնական շահերն են, որոնք ազգի, պետութեան եւ հայրենիքի, հաւաքականութեան շահերուն գիտակից չեն: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու որդեգրած քաղաքականութիւնը ներկայ իշխանութիւններուն, որոնք ամբողջ տասնամեակ մը թոյն ու թարախ սրսկեցին կաթիլ առ կաթիլ եւ ատելութիւն սերմանեցին, սուտ քարոզչութիւն կատարեցին: Բնականաբար այս բոլորը կ՛ունենան իրենց ժխտական հետեւանքները ժողովուրդի այս խաւին վրայ, որ կ՛ախորժի բամբասանքէ, հիւթեղ սուտերէ եւ նմանօրինակ մթնոլորտէ, այս խաւին համար այս բոլորը ամէնօրեայ սնունդ են: Անձամբ, այցելութիւններուս ընթացքին հանդիպած եմ այդ խաւի ներկայացուցիչներէն շատերուն Երեւանի մէջ թէ այլուր: Անոնք համոզուած են, որ «Նիկոլը գալու ա, երկիրը թալանողներից գումարները պիտի վերցնի եւ ամէն մէկիս 2000 տոլար ա տալու» եւ հաւատալով է, որ կ՛ըսեն այս բոլորը: Հարց տուած եմ, որ եթէ «թալանող» կայ այդքան շատ, ինչո՞ւ նախորդ երեք տարիներուն դատավճիռներ չարձակուեցան ոեւէ մէկուն հաշւոյն, պատասխան չունին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.