Երեւանի մէջ Սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ գործող Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններիու աւելի քան 50 ներկայացուցիչներ։

Համաժողովի օրակարգը կը վերաբերէր Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքային բոլոր ոլորտներուն՝ Արցախի հիմնախնդիրներէն մինչեւ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ատրպէյճան հակահայ պայքար եւլն…

          25 Փետրուարին խորհրդաժողովը իր նիստերը կը շարունակէ Ստեփանակերտի՝ Արցախի Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ։     Նշենք, որ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ գործող Դաշնակցութեան հայ դատի յանձնախումբերը կարեւորագոյն դերակատարութիւննը ունին ազգային ու նահանգային մակարդակներու վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման աշխատանքներուն մէջ։

Այս առթիւ, խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան իր խօսքին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ «Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորի թիկունքին՝ հայկական երկրորդ բանակն է՝ ՀՅԴ Հայ Դատի ցանցը, որ աշխարհով մէկ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը»:

Այնուհետեւ, Տէր Խաչատուրեան նշեց այն ուղղութիւնները, որոնց շեշտադրմամբ կ’աշխատին Հայ Դատի գրասենեակները եւ որոնց ուղղութեամբ պիտի ընթանան խորհրդաժողովի քննարկումները:
Առաջինը՝ Հայաստանի ու Արցախի զոյգ Հանրապետութիւններու ուղղութիւնը․ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային պետականութեան ամրապնդման աշխատանքը, իսկ Արցախի Հանրապետութեան պարագային առաջնահերթութիւնը նախ եւ առաջ՝ ինքնորոշման իրաւունքի կիրառմամբ հիմնահարցի լուծում գտնելն է, ապա,  Արցախի ճանաչման խնդիրը ուղղակիօրեն առաջ մղելը:

Երկրորդ ուղղութիւնը անցեալի դասական օրակարգն է, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը՝ մինչեւ Թուրքիայի կողմէ ճանաչում եւ հատուցում: «Տարիներով հետապնդած մեր պահանջատիրութեան թղթածրարը որպէսզի կեանք ստանայ եւ օրինական ուսումնասիրութիւններու դաշտը իսկապես զարգանայ, ՀՅԴ-ն որոշեց ստեղծել Հայ իրաւական կեդրոն մը, որ թէեւ կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, բայց հոգաբարձուներու խորհուրդը ամբողջ աշխարհէն է։ Նպատակն է առաջ տանիլ Ցեղասպանութենէն բխած, Սեւրէն բխած մեր պահանջատիրութեան դատը, ինչպէս նաև ներկայացնել Արցախի յաղթանակի դիւանագիտական ամրապնդման այլընտրանքները»։

Երրորդ ուղղութիւնը հայապատկան հողերու վրայ հայութեան իրաւունքներու խնդիրն է։ Հայաստանէն աքսորի 70 երկար տարիներուն, ՀՅԴ-ն աշխատանք տարած է, որպէսզի հայութիւնը մնայ միասնական, հայրենակեդրոն և Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած։

Իսկ չորրորդ ուղղութիւնը՝ հայ ժողովուրդի քաղաքականացման խնդիրն է, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացումը եւ այնուհետեւ տարբեր աշխատանքներու մղելը:

 

Conference of the ARF Hay Dat Committees and Offices took place at Ani Plaza Hotel

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.