Երեւանի մէջ կայացաւ ՀՅԴ-«Համերաշխութեան և Ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբում»ի հանդիպումը
Մարտ 29-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երեւանի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցցաւ ՀՅԴ պատուիրակութեան հանդիպումը Համերաշխութեան և Ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբումի (European Forum for Democracy and Solidarity) գիտնականներու և եւրոպական հիմնադրամներու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութեան հետ: Տեղեկահաւաքի բնոյթ կրող այցելութիւնը մաս կը կազէ Արևելեան Եւրոպայի ժողովրդավարութեան զարգացումները ուսումնասիրող ծրագրին, որուն կ՚աջակցի Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութիւնը (PES)։
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, ողջունելով հիւրերուն, կարևոր նկատած է անոնց առաքելութիւնը տարածաշրջան և յատկապէս Հայաստան։ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուցած է Հայաստանի վերջին քաղաքական զարգացումները, հասարակութեան տրամադրութիւնները եւ նոր մարտահրաւէրները։
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը անդրադարձած է Դաշնակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն, որպէս արտախորհրդարանական ուժ՝ թէ՛ ներքին թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կուսակցութեան դերակատարութեան մասին։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը Եւորպական պատուիրակութեանը տեղեկացուցած է նաև, որ Գերագոյն Մարմինի կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախմբերը մեծ ծաւալի աշխատանքներ կ՚իրականացնեն՝ ուշադրութեան տակ պահելով կառավարութեան գործունէութիւնը։
Համերաշխութեան և Ժողովրդավարութեան Եւրոպական համախմբումը հիմնադրուած է 1993 թուականին Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու ընկերվար֊-դեմոկրատական կուսակցութիւններու և հիմնադրամներու կողմէ` նպատակ ունենալով տարբեր երկիրներու մէջ խթանել ընկերվարական և ժողովրդավարական արժէքներու զարգացումը։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւրոպական Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ է։