Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն՝ «Իմ Քայլը» Դաշինքը Յառաջատար 80,66 Առ Հարիւրով

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան, Սեպտեմբեր 23-ի երեկոյեան, Երեւանի մէջ քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն կարճ ժամանակ ետք, հրապարակեց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու մասնակցութեան նախնական տուեալները։ Այսպէս, քուէարկութեան մասնակցած է 370.323 ընտրող, կամ ընտրողներու ընդհանուր թիւին` 848.343-ի 43,65 առ հարիւրը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախնական տուեալներուն համաձայն, իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի ստացած քուէներուն պատկերը հետեւեալն էր. «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինք` 229.409 լուէ (80,78 առ հարիւր), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն` 19,989 քուէ (7,04 առ հարիւր), «Լոյս» կուսակցութիւններու դաշինք` 14,395 քուէ (5,07 առ հարիւր), Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` 4.769 քուէ (1,68 առ հարիւր), Երկիր ծիրանի կուսակցութիւն` 4.070 քուէ (1,43 առ հարիւր), Օրինաց երկիր կուսակցութիւն` 3.030 քուէ (1,07 առ հարիւր), «Երեւանցիներ» դաշինք` 2.433 քուէ (0,86 առ հարիւր), Ժառանգութիւն կուսակցութիւն` 2110 քուէ (0,74 առ հարիւր), «Երեւանի հանրութիւն» դաշինք` 2017 քուէ (0,71 առ հարիւր), Ժողովրդավարական ուղի կուսակցութիւն` 652 քուէ (0,23 առ հարիւր), Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն` 581 քուէ (0,20 առ հարիւր), Հայք (Հայկազուններ) կուսակցութիւն` 537 քուէ (0,19 առ հարիւր):

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահին համաձայն, Երեւանի աւագանիի նախորդ` 14 Մայիս 2017-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն համեմատ, մասնակցած է 25.097 ընտրողով աւելի: Նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցած էր 345.226 մարդ, որ կը կազմէր ընտրողներու ընդհանուր թիւի 40,99 առ հարիւրը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.