Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարին Ձեռամբ
Կիրակի, 8 մարտ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Դամասկոսի ազգային օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած «Մշակոյթը կը վերանորոգէ իր յաղթանակը» խորագրեալ փառատօնի բացման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու պարգեւատրման արարողութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր:
Այնուհետեւ, կատարուեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն` ձեռամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ահմատի:
Թարգմանիչներ, դերասաններ, գեղանկարիչներ եւ այլ մեծատաղանդ անձնաւորութիւններ պարգեւատրուեցան Սուրիոյ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն մէջ իրենց ունեցած կարեւոր ներդրումին համար: Պարգեւատրեալներու կարգին էր պատմաբան, թարգմանիչ, արեւելագէտ, Արաբ գրողներու միութեան անդամ եւ «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբ»-ի նախագահ, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան: