ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ Ի ՊԱՏԻՒ՝ ԱՐԱՄ ԷԼԱԿԷՕԶԻ

Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին, Լաւալի «Հայ Կեդրոն»ի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան երեկոյ, ի պատիւ՝  Ռենօ շրջանի քաղաքապետարանի հայազգի անդամ Տօքթ.Արամ Էլակէօզին:

Նշենք, որ Տօքթ. Արամ Էլակէօզ երկար տարիներ ծառայած է Հայ Դատին, ըլլալով անոր անխոնջ նուիրեալը եւ իր բեղուն մասնակցութիւնը բերած է Հայ Դատի այլազան աշխատանքներուն: Ան եղած է յառաջապահ պայքարողը արդարութեան համար եւ յատկապէս հայկական ցեղասպանութեան ուրացման դէմ պայքարին:

Շրջանի պատկան մարմիններուն կողքին, միջոցառման ներկայ էին նաեւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններու «Mouvement Lavallois» կուսակցութեան թեկնածու ՝ Պրն. Ստեփան Պոյէն եւ Ռենօ շրջանի թեկնածու՝ Տիկին Սեդա Թոփուզեանը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.