Եռաբլուրը որո՞ւ պիտի քուէարկէ

«Հռչակը անհասկացողութեան թերեւս ամենավատ ձեւն է»:
Խորխէ Լուիս Պորխէս (արժանթինցի վիպագիր, 1899-1986)

Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, ետ ու առաջ քանի մը ոստոստումէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանկարծ յարմար նկատեց, որ Հայաստանի մէջ կարիքը կայ ընտրութիւններու․․․

Հարց կը ծագի. կանխահա՞ս, կանխայա՞յտ, թէ՞ … կանխամտածուա՞ծ:

«Աստուած գիտէ»՝ պիտի ըլլայ մինչեւ իսկ ամենէն անհաւատ հայորդիին պատասխանը:

Հետաքրքրական էր, որ յարգուած եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող վերլուծաբան մը, այս հարցին մասին խօսելով, վերոյիշեալ հռչակաւոր նորավիպագիր Խորխէ Լուիս Պորխէսի մէկ մտածումը օրինակ բերաւ, թէ Հայաստանի ներկայ իրավիճակն ու Փաշինեանի արձակած՝ 20 Յունիսի ընտրութիւններու ռումբը կը նմանին այն երկու ճաղատներուն, որոնք կը կռուին սանտրի մը համար։ Պորխէսի այդ խօսքը ի մտի ունէր Մալուին կղզիներու (Ֆոքլենտզ) տագնապը, որ ատենին դէմ յանդիման հանեց իր երկիրը՝ Արժանթինն ու կղզիները գրաւող Մեծն Բրիտանիան։

Տպաւորիչ է օրինակը եւ անշուշտ տեղին, սակայն մեր պարագային հարցը դժբախտաբար հասած է հոն, որ կայ խոր անդունդ մը, բայց… գլուխ չկայ: Ուրեմն, ի՞նչ սանտրի մասին կրնանք խօսիլ:

Այո՛: Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ներկայ իրավիճակը այնքա՛ն մը լաբիւրինդոսային է, որ բացակայ է գլուխը՝ իր ամբողջութեամբ, եւ անշուշտ՝ անոր մէջ ենթադրաբար գոյութիւն ունեցող տրամաբանութիւնը, միտքը, խելքը․․․ Մէկ խօսքով՝ մարմինը կառավարող մասերը։ Այս պայմաններուն մէջ, մազի եւ սանտրի մասին խօսիլը կը նմանի ֆրանսացի առակագիր Լա Ֆոնթէնի մէկ առակին հետեւողութեամբ դրուագի մը, ուր թռչնազգիի մը պարտականութիւն կը տրուի ծովուն խորերը բնակիլ եւ հոն ալ իշխել։

Սովորական թափթփածութեամբ եւ «պլըֆ»-ով մը, վարչապետը արդէն իսկ ընտրարշաւ բացած է եւ շրջաններ այցելելով, կը փորձէ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թափօններով՝ ամբոխավարական ընթացքը շարունակել։

Բաբելոնի Աշտարակի պատմութիւնը յիշեցնող այս կացութեան լոյսին տակ, կ’արժէ մէջբերում մը ընել Պորխէսի մէկ այլ գործէն՝ «Բաբելոնի գրադարան»-էն (The Library of Babel.) Ան արդարօրէն կը ցանկայ. «Թող դրախտ գոյութիւն ունենայ, նոյնիսկ եթէ իմ տեղս դժոխքն է»։

Փաշինեան եւ իր «Իմ Քայլ»-ական խմբակը ջայլամի այս քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկեն, սիրաշահիլ փորձելով եւ ձեռնածելով քաղաքական բեմահարթակը։

Վարչապետը մոռցած է (եւ կը կարծէ թէ մարդիկ ալ մոռցած են) չարաչար պարտութիւնը, որ հայութեան վիճակուեցաւ Արցախէն եւ մայր հայրենիքէն մինչեւ մօտակայ ու հեռաւոր գաղութներ։ Մաս առ մաս ի յայտ կու գան կորսուածներ, «մասնավճարով» կը հրատարակուին զոհերուն ցանկերը, իսկ շատեր դեռ կ՛երազեն, որ գէթ իրենց հարազատին անշունչ դիակը գտնուի։ Գերիները վերագտնելու յոյսերն ալ պատին կը զարնուին Ալիեւի կողմէ, որ կը յայտարարէ, թէ «բոլոր գերիները վերադարձուցած է Հայաստան, մնացողները գերի չեն, այլ խափանարարներ, ապօրինի կերպով ազերիական հողեր թափանցողներ…»: Պաշտօնական Երեւանը շատ չի սիրեր խօսիլ այս «փշոտ հարց»-ին մասին:

Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ աշխարհի ամենէն երիտասարդ՝ անշունչ բնակչութիւն ունեցող Եռաբլուրին առիթ տրուի իր խօսքը ըսելու՝ քուէարկելով։

Բայց ինչպէ՞ս խօսիլ ընտրութիւններու մասին, երբ կան նահատակներ ու չգտնուած աճիւններ, որոնք տակաւին չեն արժանացած անցնելու Եռաբլուրի «բնակիչներուն» շարքին…

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.