ԵԽԽՎ-ն Կոչ Ըրած է Հայաստանի Բոլոր Քաղաքական Ուժերուն Յարգելու Ժողովրդավարական Ակզբունքները եւ Օրէնքի Գերակայութիւնը

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցող Եուլիա Լովոչքինա (Ուքրանիա) կոչ ըրած է Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն «խօսքով եւ գործով» յարգելու ժողովրդավարական սկզբունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Այդ մասին ըսուած է ԵԽԽՎ կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, կը գրէ «Թերթ»-ը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները յստակօրէն ցոյց տուած են հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումները: Միաժամանակ, մասնակցութեան ցուցանիշը ցոյց տուած է, որ քաղաքական գործընթացներու նկատմամբ հանրային վստահութիւնը դեռ ցած է:

«Հետեւաբար` չափազանց կարեւոր է, որ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները բոլոր քաղաքական մրցակիցներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն կողմէ ընկալուին եւ ընդունուին որպէս ժողովրդավարական եւ արդար: Թէեւ մենք կը հասկնանք արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու կոչը` կոչ կ՛ընենք իշխանութիւններուն եւ բոլոր քաղաքական շահագրգիռ կողմերուն երաշխաւորելու, որ արտահերթ ընտրութիւնները կայանան եւրոպական չափանիշներուն եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ օրէնքներուն համապատասխան եւ որ բոլոր քաղաքական ուժերը ունենան պատշաճ եւ բաւականաչափ ժամանակ ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ յատկապէս կարեւոր է, որ փոփոխուի Ընտրական օրէնսգիրքը, ինչպէս կոչ ըրած են որոշ քաղաքական շահագրգիռ կողմեր: «Որեւէ փոփոխութիւն պէտք է լիարժէքօրէն յարգէ Վենետիկի յանձնաժողովի ցուցումները, ներառեալ` ընտրական օրէնսդրութեան կայունութեան առնչութեամբ, եւ հիմնուած ըլլայ բոլոր քաղաքական ուժերու միջեւ հնարաւորինս առաւելագոյն համաձայնութեան վրայ»,- ըսած է Լովոչքինա:

Ան ընդգծած է, որ պատշաճ խորհրդակցութիւններու եւ համաձայնութեան համար բաւականաչափ ժամանակի անհրաժեշտութիւնը պարագային ա՛լ աւելի կարեւոր է հնարաւոր սահմանադրական ցանկացած փոփոխութեան ծիրէն ներս, որոնք պէտք չէ հապճեպ իրականացուին:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ վերջին զարգացումներուն, որոնք մեծցուցած են երկրի քաղաքական միջավայրին մէջ լարուածութիւնը եւ յանգեցուցած քաղաքական հետապնդումներ եւ քաղաքական շարժառիթներով քրէական հետաքննութիւններ սկսելու մասին մեղադրանքներու, Լովոչքինա նշած է, որ ԵԽԽՎ-ն բազմիցս ողջունած է Հայաստանի մէջ խաղաղ եւ ժողովրդավարական իշխանափոխութիւնը, ինչպէս նաեւ` իշխանութիւններու հաւաստիացումները ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ դատական համակարգին մէջ քաղաքական միջամտութիւններու անընդունելիութեան մասին:

«Ես կ՛ընդգծեմ, որ անպատժելիութիւն քրէական գործողութիւններու համար չի կրնար ըլլալ ` անկախ, թէ իրագործած է զայն: Մենք, հետեւաբար, կ՛ողջունենք 2008 թուականի մարտեան ողբերգական դէպքերու ժամանակ արձանագրուած 10 զոհերու վերաբերեալ որեւէ արժանահաւատ քննութիւն: Այնուամենայնիւ,որեւէ հետաքննութիւն, իր մէջ նաեւ` կաշառակերութեան մեղադրանքներու վերաբերեալ հետաքննութիւնները, պէտք է իրականացուին օրէնքի գերակայութեան, դատական անկախութեան եւ արդար դատավարութեան սկզբունքներու պահպանմամբ` համաձայն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագրին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համազեկուցողները դիտորդական յանձնաժողովի խնդրանքով մօտ ապագային պիտի այցելեն Հայաստան` քննարկելու վերջին զարգացումները բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.