«Եթէ չունենանք յարատեւ կռուի վճռականութիւն՝ մենք կը ձախողինք այս գոյամարտին մէջ». Արշակ Մեսրոպեան

Մարտ 15ին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ «Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւնների զարգացման դասընթացներ» ծրագիրը, որ նախաձեռնուած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ: Ծրագիրը 18-35 տարեկան երիտասարդներու համար է: Դասընթացները կ՚ընդգրկեն «Նորարարական գիւղատնտեսութիւն», «Հիւրընկալութիւն», «Բիզնես կառավարում», «Սնունդ և ըմպելիքներ», «Թուայնացում», «Գործարարական լեզուի օգտագործում», «Կանաչ էներգետիկայի ծառայութիւններ», «Հրապարակախօսութիւն», «Բջջային յաւելուածների մշակում» թեմաները: Այս մասին «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը։ Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.