Եզակի Հրատարակութիւն Մը՝ «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը»

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Աշխարհի տարբեր երկիրներ վերջին այս քանի մը տարիներուն տարբեր տեսակի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն` ըլլայ ատիկա «Քորոնա» համաճարակին պատճառով, որ սառեցուց ամբողջ աշխարհը,  ըլլայ պատերազմներու, բռնի տեղահանութեան, ինչպէս պատահեցաւ մեր սիրելի Արցախին, իսկ ներկայիս ալ` Պաղեստինի աղէտը, որ զբաղեցուցած է աշխարհը: Այս ճնշող եւ տխուր բոլոր լուրերուն կողքին, կան նաեւ հաճելի եւ հետաքրքրական լուրեր ալ, որոնց կարգին` իւրայատուկ հրատարակութիւններ, յատկապէս անոնց համար, որոնք  կը սիրեն երաժշտութիւնը:

Ուստի, վերջերս մեր սեղանին դրուեցաւ եզակի գիրք մը` «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը» խորագիրով, որ լոյս տեսաւ օգոստոս 2023-ին, եւ որ կը խօսի մէկ դար ապրած ու գործած հայ երգչախումբերու եւ խմբավարներու մասին, որոնցմէ ոմանք ծնունդ առած են Հայոց ցեղասպանութենէն  քանի մը տարիներ ետք միայն, երբ տակաւին վիշտը թարմ էր մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն սրտերուն մէջ:

Այս հսկայական եւ ծաւալուն գիրքին հեղինակն է Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան, որ ծնած է Յովսէփ եւ Բերկրուհի Ալահայտոյեաններուն տան մէջ: Յովսէփ եւ Բերկրուհի, որոնք երկուքն ալ ճաշակած էին Հայոց ցեղասպանութեան դառն օրերը, միշտ նեցուկ կանգնած էին իրենց զաւակներուն` ուսման եւ երաժշտութեան մէջ յարատեւելու: Ռուպինա փոքր տարիքէն սկսած է նուագել դաշնամուր եւ հետեւած է երաժշտական դասընթացքներու Պէյրութի պետական երաժշտանոցին մէջ, ուրկէ վկայուած է որպէս դաշնակահարուհի: Երաժշտութեան կողքին, ան ուսանած է Հայկազեան համալսարանին մէջ եւ ունի պսակաւոր արուեստից վկայական հայագիտութեան եւ անգլերէն գրականութեան զոյգ ճիւղերուն մէջ: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է անգլերէն լեզուի մանկավարժութեան եւ արուեստից մագիստրոս վկայականներ:

Ռուպինա Արթինեան ընտրած է մանկավարժական ասպարէզ իր երկու մասնագիտութեանց մէջ` երաժշտութեան եւ դաշնամուրի ու անգլերէն լեզուի, դաշնակ եւ երաժշտութիւն դասաւանդած է տարիներ շարունակ: Տարած է մշակութային միութենական գործունէութիւն:

Այստեղ կ՛արժէ յիշել հանգուցեալ Պետրոս Ալահայտոյեանը` Ռուպինային եղբայրը, որ ինքն ալ երաժիշտ էր եւ մեծ աշխատանք տարած է`  հաւաքելով հայերէն երգեր ու լաւագոյնը ըրած է զանոնք կորուստէ փրկելու համար: Հեղինակած է երկու գիրքեր` «Բալուի եւ տարածաշրջանի երաժշտական ազգագրական հաւաքածոյ մը» եւ  «Վան-Վասպուրականի ազգագրական երգերու բնորոշ նմուշներ»:

Այսօր մեր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեանի աշխատանքին վրայ, որ իրմէ խլած է երկար տարիներու աշխատանք:

Գիրքին մէջ կարելի է գտնել 1920-էն սկսեալ մինչեւ օրս լիբանանահայ խմբավարներու կենսագրութիւնները, երգչախումբերուն մասին տեղեկութիւնները եւ նկարները: Հայոց ցեղասպանութենէն հինգ տարիներ ետք արդէն իսկ Լիբանանի մէջ սկսաւ ծաղկիլ հայ երգը` շնորհիւ նուիրեալ խմբավարներու եւ երաժշտասէր ժողովուրդի: Դիւրին չէր այդ օրերուն նոր եւ օտար երկրի մը մէջ սկսիլ նոր դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ երաժշտութիւն, յատկապէս` այն առաջնորդներուն կողմէ, որոնք ճաշակած էին դառն օրեր Համաշխարհային Ա. պատերազմին: Այդ խմբավարներէն յիշենք Բարսեղ Կանաչեանը, Համբարձում Պէրպէրեանը, Յակոբ Իւվէզեանը եւ շատ ուրիշներ: Այս մշակութասէր անհատները ջանք չխնայեցին` ծաղկեցներու հայ երաժշտութիւնը եւ երգը: Տարբեր տարիքի հայ անհատներ մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին երգչախումբերու, ուր երգելու կողքին, անոնց կը տրուի հայեցի դաստիարակութիւն: Հայ երգը եւ երաժշտութիւնը լաւագոյն սփոփանքն էր տառապած ժողովուրդին:

Լիբանան հաստատուած առաջին օրէն իսկ մեր նախնիները ունէին ազատութիւնը Լիբանանի մէջ հիմնելու հայ դպրոցը, եկեղեցին, ակումբները եւ մշակութային կեդրոնները: Ինչ որ աւելիով օգնեց հայ մշակոյթին, որպէսզի ոտքի կանգնի:

1928-ին է, որ նաեւ Լիբանանի մէջ կը սկսին գործել տեղացի տարբեր երգչախումբեր: 1958-ի եւ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմները պատճառ դարձան, որ կարգ մը երգչախումբեր դադրին գործելէ: Սակայն 1987-ին, երբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը կը կառուցուի, կարգ մը երգչախումբեր նորէն կը ծաղկին:

Ռուպինա Արթինեան իր գիրքը նուիրած է իր զարմուհիին` Ծովիկ Մարգարեանին, որ մեծապէս սատար կանգնած է հեղինակին` անոր գիրքին պատրաստութեան ընթացքին, քաջալերանքով, փնտռելով խմբավարներ, հաւաքելով տեղեկութիւններ: Խմբագիրն է Նորա Բարսեղեան:

Գիրքին մէջ կը գտնենք 1920-2020 թուականներու ընթացքին լիբանանահայ բոլոր այն երգչախումբերուն մասին, որոնք գործած են լիբանանահայ կեանքին մէջ: Այդ երգչախումբերէն են` Հայ աւետարանական համայնքի, Հայ կաթողիկէ համայնքի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Համազգայինի, ՀԲԸՄ-ՀեԸ-ի, Հնչակեան կուսակցութեան հովանաւորած երգչախումբերու եւ Կանաչեանի «Գուսան»-ին պատմութիւնը:

Գիրքին հրատարակութիւնը ստանձնած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը, որ նաեւ 17 հոկտեմբեր 2023-ին կազմակերպած էր գիրքին շնորհահանդէսը, Պէյրութի Ա. եկեղեցւոյ մէջ: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, հեղինակը, դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեանը, խմբավար Յարութ Ֆազլեանը եւ  «Արմիս» ու «Գուսան» երգչախումբերը:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստ»-ը գիրքի աշխատանքին եւ հրատարակութեան, մանաւանդ` Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեանին, որ ժամանակ, ներուժ, մասնագիտական եւ հետեւողական աշխատանք ի գործ դրաւ  այսպիսի յատուկ եւ եզակի գիրք մը պատրաստելու նպատակով:

Comments are closed.