Դոկտ. Նորա Արիսեանի թարգմանած Պօղոս Սնապեանի «Աղքատներուն աւանդութիւնը» գիրքի շնորհահանդէս

Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2019-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Դամասկոսի «ալ-Ասատ» ազգային մատենադարանի կողմէ կազմակերպուած գիրքի 31-րդ ցուցահանդէսի ընթացքին, մշակոյթի նախարարութեան տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի թարգմանած՝ Պօղոս Սնապեանի պատմուածքներու «Աղքատներուն աւանդութիւնը» արաբերէն գիրքը: Նշենք, որ «Աղքատներուն աւանդութիւնը» գիրքը հրատարակուեցաւ Սուրիոյ Նախարարութեան «Սուրիոյ Գիրքի Ընդհանուր Տեսչութեան» կողմէ:

Գիրքը կը բաղկանայ 135 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ Պօղոս Սնապեանի 7 պատմուածքներն ու անոր կենսագրականը: Դոկտ. Նորա Արիսեանի թարգմանած «Աղքատներուն աւանդութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ եղան Մշակոյթի նախարարը, «Ասատ» գրադարանի տնօրէնը, Տեսչութեան տնօրէնը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանը ու բազմաթիւ արաբ մտաւորականներ եւ հայերէն գրականութեամբ հետաքրքրուողներ: Դոկտ. Արիսեան ներկաներուն մեծ սիրով մակագրեց իր գիրքը: Պէտքէ յիշել, որ սուրիական մամուլը մեծ ուշադրութեամբ լուսարձակի տակ առաւ Արիսեանի նոր հրատարակած աշխատութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.