Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը Սփիւռքի Հետազօտական Ծրագիրի Տնօրէն Նշանակուած Է

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիրի մը տնօրէն նշանակուած է Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը:

«Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագիրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւն մը` բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:

«Ուրախ ենք, որ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը այս պաշտօնը ստանձնած է: Նախապէս գործակցած ենք իրեն հետ` մեր շարք մը նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, ինչպէս` «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» Օքսֆորտի եւ «Հայերը 2115-ին» Լիզպոնի համաժողովներուն առթիւ», ըսաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը` աւելցնելով, որ իրենց արդիւնաւէտ գործակցութիւնը պիտի շարունակեն Լոնտոնի հայ հիմնարկին եւ ծրագրի յանձնառու խումբին հետ:

Առաջին փուլով սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), մայիս եւ յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին` գլխաւորութեամբ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Համապարփակ աւելի մեծ ծրագիրի մը մաս կազմող այս փորձառական փուլը նպատակ ունէր պատկերացում մը տալ հայկական ժամանակակից սփիւռքին մասին:

«Մեր ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնք տեղեկութիւններ կու տան հայ համայնքներուն մէջ առկայ հարցերուն եւ մտածողութեան եղանակներուն մասին, վստահաբար օգտակար պիտի ըլլան սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններու եւ համայնքներու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ քաղաքականութիւն մշակողներուն համար», նշեց դոկտ. Չիլինկիրեանը:

Հետազօտութեան արդիւնքները եւ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան հասարակութեան եւ գիտաշխատողներու: 2018-ի ուսումնասիրութեան ամբողջական արդիւնքները շուտով հատորի մը մէջ պիտի հրատարակուին:

«Այս տարուան ծրագրի գործադրութեան համար գործի լծուած են միջազգային մասնագիտական խորհրդատու մարմին մը եւ գործադիր խումբ մը, որոնք պատրաստած են ծրագրին մեթոտաբանութիւնը, հետազօտութեան միջոցները, աշխատանքներու նախապատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ` հարցախոյզերու տնօրինման եւ հաւաքուած տեղեկութիւններու մշակման եղանակները», բացատրեց դոկտ. Չիլինկիրեանը, որ մասնագիտութեամբ ընկերաբան է, եւ որուն գիտական ուսումնասիրութիւններու լուսարձակի տակ են շարք մը նիւթեր, ինչպէս` ինքնութեան, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու, կրօնի ու Միջին Արեւելքի հարցերն ու խնդիրները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.