Դիւանագիտութեան ամլացումը

«Երբ պաշտօնատար մը կը տեղեկացնէ, թէ խօսակցութիւնները օգտակար եղած են, կարելի է վստահութեամբ եզրակացնել, թէ ոչինչ իրագործուած է»:

Ճոն Քենէթ Կալպրէյթ (1908 –2006), ամերիկացի դիւանագէտ եւ քաղաքագէտ

44-օրեայ պատերազմի դժնդակ «Յաղթելու ենք»-էն ծնած՝ ողբերգական պարտութեան «նաք աութ»-ին հետեւանքով, դեռ շշմած ու ընկրկած ենք, մենք մեզ չենք վերագտած: Նահատակուած հերոսներ, յանձնուած տարածքներ, քանդուած սրբատեղիներ, անթաղ մեռելներ, հայկական հողեր ազերիական նկատել եւ… շարքը երկար է: Եւ ահա, աշխարհագրական-ռազմագիտական ոլորտէն հեռու, դիւանագիտական բնագաւառին մէջ մեկնարկը տրուսծ է դաժան ու պարտուողական այլ «Յաղթելու ենք»-ի մը՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Սպասելի էր որ նման կացութեան դէմ յանդիման գայինք, նկատի ունենալով յետ-պատերազմեան դէպքերն ու իրադարձութիւնները: Պարտուած կողմը՝ Հայաստան, ինքն է այս բանակցութեան գործընթացը մեկնարկողը, անշուշտ բազմակողմանի ճնշումներու տակ:

Հետաքրքրականը այն է, թէ Հայաստան որեւէ նախապայման չէր դրած: Միւս կողմը՝ Անգարա, նոյնպէս հրապարակ կու գայ նախապայմաններ չդնելու խոստումով, մանաւանդ, որ պարտուած կողմին համար սահմանները արդէն իսկ տը ֆաքթօ բացուած կ’երեւակայուին: Այլ հարց, թէ բանակցութեանց օրէն առաջ եւ ետք, Պաքու եւ Անգարա բազմաթիւ զուգերգներով հանդէս եկան, յիշեցնելով իրենց նախապայմաններու ամբողջ երկար ցանկը:

Այս տրամադրութիւններով էր որ երկու կողմերը Յունուար 14-ին կատարեցին իրենց անդրանիկ հանդիպումը՝ պոլսահայ մամուլի կարկառուն դէմքին՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-ամեակի սեմին: Զարմանալի եւ տարօրինակ զուգադիպութիւն: Կասկած չկայ, թէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը՝ Սերտար Քըլըճ, քաջատեղեակ է սպանութեան դէպքին, չէ մոռցած զայն, ծանօթ է բոլոր ծալքերուն: Մինչդեռ հայրենի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի համար, Տինքի սպանութիւնը հաւանաբար երկրորդական նշանակութիւն ունի. իրեն համար կարեւորութիւնը հաւանաբար կը սկսի ու կը վերջանայ անով, որ Տինքի անուան հիմնադրամէն օգտուած է…:

Ծանօթ, սակայն առաւելաբար անորոշ պայմաններու մէջ իրականացաւ առաջին հանդիպումը, նոյն տրամաբանութեամբ ալ պիտի շարունակուին բանակցութիւնները: Դիւանագիտական աշխարհին անծանօթ, դեղնակտուց ու նորելուկ Ռուբինեան կը տեսակցի Թուրքիոյ դիւանագիտութեան անձնակազմի փորձառու մասնագէտի մը հետ, որ Ուաշինկթընի մէջ տարիներ առաջ դեսպանի պաշտօն վարած է եւ շարունակ պայքարած՝ հայոց պահանջատիրութեան դէմ, ուրանալով Ցեղասպանութիւնը:

Քըլըճի դէմքին վրայ դրոշմուած էր քմծիծաղային ժպիտ մը, երբ իր դիմաց նստած երիտասարդ հայրենի դիւանագէտը յայտնեց, թէ «(հանդիպումը) հիմնականին մէջ ճանաչողական բնոյթ ունէր», թէ՝ «հիմնականին մէջ միտքեր փոխանակած ենք այն մասին, թէ ինչպէս կը տեսնենք գործընթացը` թէ՛ թեքնիք, եւ թէ՛ բովանդակային առումով: Փորձ կը կատարուի երկուստեք քննարկել ոչ սուր անկիւններ յառաջացնող հարցերը, այլ` դրական հարցերը»:

Ուրեմն, պարզապէս ծանօթացման հանդիպում մը (acquaintance meeting) տեղի ունեցած է: Հանդիպում մը, որ կը յիշեցնէ Կալպրէյթի վերոյիշեալ խօսքը, թէ՝ կարելի է հանգիստ կերպով եզրակացնել, որ… ոչինչ կատարուած է:

Եթէ իմաստութիւն ըսուածին ապաւինինք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ առանց նախապայմանի տեղի ունեցած այս «շինիչ երկխօսութիւնը» արդէն ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր հասած ենք, ուր կ’երթանք:
Արդէն իսկ նմանօրինակ մօտեցում կամ եզրոյթ կը պարզէ իրականութիւնը, թէ պարտուած կողմն է, որ ընդունած է յաղթական կողմին առանց պայմանի… նախապայմանը: Ալ ի՜նչ խօսք՝ կառուցողականի մասին: 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ալ, Ռուբինեանի «վարպետը»՝ վարչապետ Փաշինեան, աւետած էր, թէ Ատրպէյճան «կառուցողական է»…

Յստակ է: Դիւանագիտական ա՛յս ճակատամարտն ալ կորսնցուցած ենք: Կարիք չկայ սպասելու, թէ Ռուբինեան յառաջիկայ հանդիպումներուն ինչպիսի՜ (այդպէս կարծած) սուր անկիւններ պիտի բթացնէ եւ յետոյ պիտի գայ զեկուցում տալու:

Ժամանակն է համահայկական, մասնաւորաբար համասփիւռքեան դիմադրութեան: Կարելի բան չկայ, եւ այս իմաստով՝ «խենթեր կրնան հնարներ գտնել»: Այս ոճով է որ պէտք է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ճամբայ հանել «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»-ն:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.