«Դիմադրութեան» Շարժումը Յայտարարեց, Որ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Ժողովուրդին Անունով Բանակցութիւն Կատարելու

19 մայիսի կանուխ առաւօտէն «Դիմադրութեան» շարժումը շարունակեց իր ամէնօրեայ անհնազանդութեան խաղաղ շարժումները` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով: Փակուեցան փողոցներ, երթեւեկը կանգ առաւ, ոստիկանները բռնի ուժով փորձեցին բանալ ճամբաները եւ բերման ենթարկեցին ցուցարարները:

Ֆրանսայի հրապարակէն ընթացք առած երթը կանգ առաւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի շէնքին առջեւ, ուր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ օր մը առաջ կոմիտէի ղեկավարը յայտարարած էր, որ չկայ Նիկոլի հեռացման հանրային պահանջ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ քայլեր կը կատարուին «Դիմադրութեան» շարժումի այն աջակիցներուն նկատմամբ, որոնք կը մասնակցին հանրահաւաքին: Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ կոմիտէն ու անոր ղեկավարը պէտք է իրենց լիազօրութիւններուն մէջ մնան եւ չշահագործեն զանոնք:

Նոյն օրը երեկոյեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կայացած բազմամարդ հանրահաւաքին խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեան, «Հայաստան» հիմնադրամի նախկին աշխատակից Աննա Մանուկեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան:

Այնուհետեւ հանրահաւաքին մասնակիցները երթ կատարեցին, ապա վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր խօսք առաւ Իշխան Սաղաթէլեան, որ` անդրադառնալով 22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումին, շեշտեց, որ Նիկոլը իրաւունք չունի ժողովուրդին, Հայաստանի կողմէ որեւէ բանակցութիւն վարելու:

Ան շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 6 առաջարկները հայ ժողովուրդի կամքին, շահերուն հետ որեւէ կապ չունին, ուստի Փաշինեանի հետ ձեռք բերուած որեւէ պայմանաւորուածութիւն ոչ օրինական է:

Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ այլ հարցի մը. «Այս օրերուն այս հրապարակէն, ինչպէս նաեւ տարբեր այլ ձեւաչափերով անընդհատ ներկայացուած են հիմնական սկզբունքները, կատարուելիքները, բայց օրուան իշխանութիւնը որեւէ բովանդակային պատասխան չի տար, փոխարէնը կը շարունակէ հասարակութիւնը խաբել այն նիւթով, որով 4 տարի կերակրեց ժողովուրդին, եւ որ գոյութիւն չունի` թալանով, ապօրինի գոյքերի բռնագանձումով:

«Մեզմէ ոչ մէկը այս հրապարակին վրայ կը հաւաքուի մէկու մը ապօրինի գոյքը պաշտպանելու, այս բոլորը սուտ են` հերթական անգամ հասարակութիւնը սուտով կերակրելու եւ երկիրը նոր անդունդ տանելու համար: Մեր երկրին` Արցախին, ոչ մէկը այնքան վնաս հասցուցած է, որքան այսօրուան խմբակը. ասոնց գործունէութեան պատճառով թշնամիին մնացած է 187 գիւղ, 6 քաղաք, իր տունէն, ապրուստէն զրկուած է 38.500 քաղաքացի, թշնամիին յանձնուած է 591 խաչքար, 39 բերդ, ամրոց, սրբավայր, 4000 պատմամշակութային յուշարձան, 12 թանգարան: Թշնամիին մնացած է մեր հայրենիքին 72 տոկոսը, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, գործարաններ, այգիներ, հիմա, Նիկո՛լ, դուն ի՞նչ թալանի մասին կը խօսիս, այս երկրին թիւ 1 թալանիչը, քանդիչը, աւերիչը դո՛ւն ես», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան հաստատեց, որ ընդդիմութեան պայքարը պիտի շարունակուի ամբողջ թափով, շարժումը երբեք պիտի չմարի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.