«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Յայտարարէ Իր Մարտավարութեան Փոփոխութիւնը

Երեքշաբթի, 14 յունիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը, որուն սկիզբը «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան ներկայացուց շաբաթներ շարունակ վարչախումբի կամքով Արթիկ բանտը գտնուող շարժման անդամներուն` Գոռ Սարգսեանի, Արսէն Մարտոյեանի, Տարօն Մանուկեանի եւ Գէորգ Մուրադեանի ուղերձը, ուր կը շեշտուի, որ իրենց կորովը տակաւին ամուր է եւ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը:

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Գառնի Պետրոսեան: Հայաստանի դեսպան, արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան:

Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ յայտարարեց, թէ 15 յունիսին ընդդիմութիւնը պիտի վերցնէ Ֆրանսայի հրապարակի վրանները, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը նշանակէ, որ պայքարը կանգ կ՛առնէ: Ան շեշտեց, որ իրենց պայքարը դադար չունի, այնքան ատեն որ նախապէս բարձրացուած իրենց տարբեր հարցերուն ոչ մէկ լուծում տրուած է: «Նպատակը նոյնն է` կանխել Արցախի հայաթափումը եւ Հայաստանի թրքացումը, չէզոքացնել Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները, իսկ ատոր հասնելու համար պէտք է հեռացնել այս չարիքի իշխանութիւնը, ձեւաւորել ազգային իշխանութիւն, որ կը կասեցնէ պետականութեան կործանման այս ընթացքը, կ՛ապահովէ երկրի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, կը հաստատէ արժանապատիւ խաղաղութիւն, պետականութիւնը կը վերադարձնէ ժողովուրդին, Հայաստանը կը դարձնէ արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ երկիր», յայտնեց ան` շեշտելով, որ իրենց նպատակն է ստեղծել պայմաններ, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել պարտուողական նոր պայմանագիրի ընդունումը, ինչպէս նաեւ հասնիլ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման` հրաժարականի կամ պաշտօնանկութեան միջոցով:

Ան դիտել տուաւ, որ շաբաթական դրութեամբ պիտի կատարուին փողոցային ցոյցեր, մասնագիտական քննարկումներ ու հանդիպումներ:

Ապա հանրահաւաքի մասնակիցները քայլարշաւ կատարեցին Երեւանի փողոցներուն մէջ, անկէ ետք Սաղաթէլեան ըսաւ, որ 16 յունիսին իրազեկման երթ պիտի կատարուի, ապա Ֆրանսայի հրապարակին վրայ պիտի ամփոփուին աշխատանքները եւ պատրաստուին շաբաթ օրուան համապետական հանրահաւաքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.