«Դիմադրութեան» Շարժման Իրազեկման Երթը` Գարեգին Նժդեհի Հրապարակէն

27 ապրիլին Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն սկսաւ «Զարթնի՛ր լաօ» «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը:

Երթէն առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կրկին կոչ ուղղեց դիմադրութեան նոր օճախներ ստեղծելու, այդպիսով աջակցելու համընդհանուր պայքարին, իսկ բողոքի ցոյցերուն հեռակայ հետեւող քաղաքացիներուն` միանալու օրըստօրէ մեծցող շարժումին:

Ան անդրադարձաւ նաեւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղեկցող ինքնաշարժներու շարասիւնի ոստիկանական մեքենան զարկած էր յղի կնոջ մը եւ ձգած անօգնական: Կինը մահացած էր:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Միացում», «Պայքար», «Յաղթանակ» վանկարկումներուն ներքեւ երթը շարժուեցաւ առաջ:

Քաղաքացիները ընտանիքներով պատշգամներէն եւ պատուհաններէն կ՛ողջունէին երթին մասնակիցները` կը ծածանէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները: Ամբողջ երթի ընթացքին անդադար կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:

«Մեր պայքարը Նիկոլի դէմ չէ, Նիկոլը անցողիկ է, չկայ այլեւս, մեր պայքարը հայրենիքի համար է, մեր պայքարն Արցախի համար է, մեր պայքարը մեր երեխաներու, մեր փառահեղ նահատակ տղոց գործը շարունակելու համար է», դիմելով երթի մասնակիցներուն ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան:

«Մեր պայքարը անկասելի է` թուրքը պիտի չմտնէ Հայաստան: Մենք պիտի յաղթենք ներքին, այնուհետեւ արտաքին թշնամիին, ամէն ինչ մեր ձեռքերուն մէջ է: Փա՛ռք մեր նահատակ տղոց, յաւե՛րժ փառք», ըսաւ Տարօն Տօնոյեան:

Երթի ընթացքին կը հնչէին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր:

Նշենք, որ երթը պահ մը կանգ առած է Լէօ-Պարոնեան փողոցներու խաչմերուկին, ուր նախանցեալ օր Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնը վթարի ենթարկած էր 28-ամեայ յղի կին մը` Սոնա Մնացականեանը, որ տեղւոյն վրայ մահացաւ: Երթին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհուած կնոջ յիշատակը:

Այնուհետեւ երթին մասնակիցները «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան» վանկարկումներով շարժեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ուր աւարտած է իրազեկման հերթական երթը:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է երթերու աւարտի եւ մայիս 1-ին պայքարի վճռական փուլ մտնելու մասին: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այս օրերուն տարատեսակ շարժումները պիտի շարունակուին, իսկ մայիս 1-ի հաւաքի վայրը պիտի յայտարարուի հետագային:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.