Դէպի հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն

Կենտրոն Հեռուստատեսութեան «Ուրուագիծ» յայտագրով հանդէս կու գայ Տնտեսական Զարգացման և Ներդրումների Նախարար՝ Ընկ. Արծուիկ Մինասեանը։ Դիմատետրի ընկերներուս և առհասարակ Դիմատետրի համայնքին ուշադրութեան կը յանձնեմ այս շատ կարևոր հարցազրոյցը, ուր առաջին անգամ ըլլալով հանգամանաւոր քննարկման կը բերուին Հայաստանի տնտեսութեան այն ճնշիչ մարտահրաւէրները, որոնք կապ ունին տնտեսութեան շուկայական կառոյցին (market structure) և շուկայական ուժերու վարքագծին (market conduct) հետ։ Այլ խօսքով, նոր կառավարութիւնը ինքզինք կը դնէ երկրի մենաշնորհային համակարգը, ըստ էութեան, լուծարելու և տնտեսութիւնը մրցակցային դաշտ բերելու յանձնառութեան տակ։ Նախարար Մինասեան կու տայ էական գիծերը այս քաղաքականութեան։ Դաշնակցական նախարարը մեծ փորձ ունի այս մարզին մէջ։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մտեր էր դաշինքի մէջ նախորդ իշխանութեան հետ ճիշտ այս պատմական առաքելութեամբ, զոր գլխաւորողը Արծուիկ Մինասեանն էր։ Օրուան Նախագահն ու Վարչապետը հրապարակաւ խոստացան հանրութեան, որ իրենք պիտի իւրացնէին այս քաղաքականութիւնը կարելի դարձնելով ակնկալուած տեղաշարժը այս մարզին մէջ։ Մնացեալը հանրածանօթ իրականութիւն է։ Նախորդ իշխանութիւնը — հակառակ իր պերճաշուք հռետորաբանութեան — անհնարին դարձուց ամէն տեղաշարժ։ Այսօր կը բացուի նոր էջ և այս դժուարին գործին համար՝ կիրառման նոր կարելիութիւն։

Հակամենաշնորհային քաղաքականութեան գործնական և անմիջական թիրախը մեր երկրին համար նոր և որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծումն է։ Թէև այս հարցը ուղիղ քննարկման նիւթ չդարձաւ հարցազրոյցի ընթացքին, բայց յստակ է, որ ան հիմնական ենթատեքստն էր խօսակցութեան։ Նախարարութեան պատասխանատւութիւններուն մաս կը կազմէ ներդրումներու խթանումը։ Ներդրումները կրնան գալ երեք դրամագլխային աղբիւրներէ։ Ներքին ներդրողներէն, արտաքին ներդրողներէն և պետական ներդրումներէն. Ընդունուած փաստ է, որ ներդրումային քաղաքականութեան բանալին տնտեսութենէն ներս վերաներդրումային (re-investment) ծաւալներու տարերային գործընթացն է։ Առողջ տնտեսութիւն մը ինքնաբերաբար կ՚ըստեղծէ այդ տարերային հոլովոյթին կենդանի միջավայրը։ Մենաշնորհային համակարգի նիւթած աղէտներէն մէկն ալ այն է, որ տարիներու ընթացքին ան ցամքեցուցած է այդ կենսական հոլովոյթը իր շահոյթը լայն չափերով դուրս բերելով երկրէն։ «Գաղթող» այս դրամագլուխը, իր կարգին, պատճառ եղած է, որ գաղթէ նաև երկրի աշխատոյժը։ Հետևաբար՝ մեր այսօրուան արտագա՛ղթը։ Կառավարութեան հակամենաշնորհային քաղաքականութեան ամբողջացուցիչ բաղադրիչը վերաներդրումային դաշտի աշխուժացումն է։ Աւելի՛ն. մենաշնորհային դաշտի լուծարման գործընթացը և վերաներդրումային դաշտի խթանումը պէտք է ձևաւորուին որպէս մէկ ամբողջական փաթեթ (policy framework), որպէսզի կարելի ըլլայ երկրի ձեռներէցութիւնը տնտեսութեան մէջ ընդգրկուած պահել։ Արտաքին ներդրողները շահագրգռող իրական ուժը ներքին ներդրողներու աշխոյժ գործունէութիւնը միայն կրնայ ըլլալ (բնականաբար մրցակցային պայմաններու մէջ)։ Այլապէս արտաքին ներդրողը պիտի ակնկալէ առանձնաշնորհեալ պայմաններ իր ներդրումին դիմաց ստեղծելով մենաշնորհային նոր խաւ մը տնտեսութեան մէջ։ Ես վստահ եմ, որ այս բոլորը մեր նոր տնտեսական քաղաքականութեան մաս պիտի կազմեն և Հայաստան պիտի նուաճէ գերազանցութեան նոր ու փայլուն հանգրուան մը։

Կարօ Արմենեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.