Դեսպան Եգանեան ՀՀ երախտագիտութեան շքանշանը յանձնեց ՀՕՄ-ի անդամ Վանուհի Իսաջանեանին

Մարտ 12-ին, Լաւալի էմպասի Փլազա սրահին մէջ կայացած ՀՕՄ-ի կազմակերպած Կանանց Միջազգային օրուան հանդիսութեան ընթացքին, Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան Հայաստանի Հանրապետութեան երախտագիտութեան շքանշանը յանձնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Վանուհի Իսաջանեանին։

Նշենք, որ 17 Սեպտեմբեր թուակիր հրամամագրով մը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանը։

Իբրեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, ընկհ. Իսաջանեանի աւանդը մեծ եղած է 90-ական թուականներուն ՀՕՄ-ի կողմէ Հայաստանին եւ յատկապէս Արցախին հասցուած օժանդակութիւններուն գծով։ Եղած է անդամ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան։ 1974-1980 վարած է Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ Անդամ է Հ.Յ. Դաշնակցութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.