Դաւիթ Իշխանեան. «Հայ Ժողովուրդին Առջեւ Ծառացած Տագնապներու Լուծման Առումով Արցախը Ունի Իր Տեղն Ու Դերը»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յունուարին ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները:

Հանդիպումէն ետք «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, թէ հանդիպումին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն կողմէ  մատնանշուած են այն մարտահրաւէրները եւ կարեւոր խնդիրները, որոնք ծառացած են հայ ժողովուրդին դիմաց, եւ որոնք յառաջիկայ  տարիներուն պէտք է իրականացնէ Դաշնակցութիւնը:

«Իբրեւ պատմական փաստ` պէտք է արձանագրեմ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Ընդհանուր ժողովը կը կազմակերպուի Արցախի մէջ. անոր մէջ մեծ խորհուրդ կայ: Կարեւոր է այն հանգամանքը, որ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման առումով Արցախը ունի իր տեղն ու դերը: Պէտք չէ մոռնանք, որ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին  համահայկական իրականութեան մէջ Արցախի տագնապը եղած է ամէնէն կարեւոր հարցը: Արցախի մէջ այս ժողովի կազմակերպումը նպատակ ունի անգամ մը եւս արժեւորելու այն մտահոգութիւնները, որոնք յառաջացած են վերջին շրջանին, եւ որոնց լուծման համար պէտք է գտնել ճիշդ ուղիներ», աւելցուցած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.